«Արեւմտեան Հայաստան» ֆիլմի ներկայացումը Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ

Արեւմտեան ՀայաստանՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՕՀԱՆԷՍ

Չորեքշաբթի, մարտ 12ին, Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստան» խորագիրով տեսաժապաւէնի ցուցադրութեան գիշեր մը՝ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, ներկայութեամբ միութեան անդամներու, համակիրներու եւ բարեկամներու:
Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ միութեան հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան իր բացման խօսքէն ետք ընթերցեց տեսաժապաւէնի ներածականը պատրաստող Յարութիւն Ֆոտուլեանի կենսագրականը: Ապա սկսաւ շարժապատկերին ցուցադրութիւնը՝ Պոլիս քաղաքէն, ցոլացնելով մշակութային, կրօնական ու ազգամիջեան այն հարուստ գոյները, որոնցմով լեցուն է անիկա, թէ՛ որպէս քաղաք, թէ՛ որպէս գեղարուեստ, իր հոյակերտ պալատներով՝ Պալեան եղբայրներու ճարտարապետութեամբ կառուցուած, իր զանազան շուկաներով, կղզիներով եւ այլ գեղատեսիլ վայրերով, ինչպէս՝ Այա Սոֆիա տաճարը, Կապոյտ մզկիթը, Թօփքափը պալատը, որոնք կը նկատուին Օսմանեան կայսրութեան հարստութիւններ:
Երկրորդ տեսարժան վայրն էր Կեսարիա, Մաժաք քաղաքը՝ Կապադովկիոյ հնագոյն բնակավայրերէն (այժմ՝ Թուրքիոյ Գայսերի վիլայեթի վարչական կեդրոնը) եւ ապա Մերսին նաւահանգիստը՝ նախկին Կիլիկիոյ տարածքին, Տարսոնը՝ դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, Կիւդնոս գետի զոյգ ափերուն (Տարսոնի հիմնադրութիւնը կը վերագրուի Տարսիսին՝ Նոյի որդի Յաբէթի սերունդէն), եւ Կոռիկոս նաւահանգստային բերդաքաղաքը՝ Կիլիկիոյ մէջ, Միջերկրական ծովու ափին:
Կիլիկիոյ Թորոս Ա. իշխանապետը իր գահակալման սկիզբը, տեղական հայերու աջակցութեամբ, բիւզանդական տիրապետութենէն ազատագրած է Սիսը եւ հիմնած է Դրազարկի վանքը, որ այնուհետեւ դարձած է նաեւ Ռուբինեաններու դամբարան: Հաճըն (այժմ կը կոչուի Սայիմպէյլի) քաղաքը՝ պատմական լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ատանա նահանգի հիւսիսը: Նաեւ, Կիլիկիոյ Սողուքօլուք գիւղը, ապա՝ Մուսա լեռը, որ կը գտնուի պատմական Հայաստանի Կիլիկիոյ ծայրամասը՝ Միջերկրական ծովու ափին:
Գըրըգխանը, ապա Զէյթունը, որ կը գտնուի Կիլիկիոյ հիւսիսարեւելքը: Այս լեռնային անառիկ շրջանը շատ բանով նման է Արեւմտեան Հայաստանի Սասունին: Վարագայ վանքը կը գտնուի Վան քաղաքի հարաւարեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին: Իսկ Կարս (նաեւ՝ Ղարս) քաղաքը՝ Թուրքիոյ արեւելեան կողմը, պատմական Հայաստանի Կարս նահանգի մայրաքաղաքն է:
Ամբողջ Պատմական Հայաստանը ներառող այս եզակի ճանապարհորդութեան ընթացքին ներկաները դիտեցին նաեւ Մեծ Նեմրութ լեռը՝ Եփրատ գետին մօտ, ուր կանգնած են հայ հեթանոսական աստուածներու հսկայական արձաններ, նաեւ հայոց արքայից արքային Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը, Ուրֆա, Այնթապ եւ Մարաշ գեղեցիկ քաղաքները: Տեսողութեամբ այցելեցին հետաքրքրական վայրեր. այն տեղը, ուր Բաբելոնի արքայ Նիմրոդը (Նեբրովթ-Բէլը) խարոյկի մէջ նետեց Աբրահամը, սակայն Աստուած կրակը վերածեց ջուրի, իսկ ածուխները՝ ձուկերու: Ներկաները դիտեցին հնագոյն ազգերու՝ ասորիներու, ուրարտացիներու եւ հռոմէացիներու ստեղծած յուշարձաններ, առաջին քրիստոնեաներու հիմնած եկեղեցիներ, Խաչակիրներու հիմնած քաղաքներ եւ բիւզանդական բերդեր, ուր փորագրուած են Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութենէն մնացած գիրեր, որոնց տիրապետութիւնը կը տարածուի Արեւելեան Միջերկրականի դաշտերու եւ Տաւրոսեան լեռներու երկայնքին: Ապա՝ առասպելական Անին, 9-11րդ դարերու հզօր հայոց թագաւորութեան հրաշալի մայրաքաղաքը, զոր կը կոչեն «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք»: Անին իր ժամանակի մեծագոյն կրօնական, առեւտրական եւ մշակութային կեդրոնն էր Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին, ուրկէ կ՛անցնէր «Մետաքսի ճանապարհը»: Զգալի էր միջնադարեան պարիսպներու եւ աշտարակներու զօրութիւնը, նաեւ՝ հռչակաւոր տաճարները եւ պալատները, որոնք հազարամեակ անց կանգուն կը մնան տակաւին: Այնուհետեւ՝ Վան քաղաք եւ Վասպուրական աշխարհ: Ապա Վանայ լիճ, դէպի Աղթամար կղզի եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցի (10րդ դար): Նաեւ՝ Պիթլիս (պատմական Բաղէշ) քաղաքը, Պիթլիսէն գեղատեսիլ Մշոյ դաշտը եւ Տուրուբերան աշխարհի Տարօնը:
Տիգրանակերտէն ետք տեսանք նաեւ պատմական Միջագետք Հայոց Ուրֆա-Եդեսիա քաղաքը, ուր Մեսրոպ Մաշտոցը հնարած է հայոց գիրերը: Ապա՝ Այնթապ (Կազիանթեփ), որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի ամենազարգացած եւ աշխոյժ քաղաքն է, ուր կը գտնուին Սուրբ Եղիայի հրաշագեղ տաճարը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որոնք վերածուած են մզկիթներու: Այնուհետեւ՝ դէպի Ատանա: Պօղոս առաքեալի ծննդավայր Տարսոնը, որ Կիլիկիոյ մայրաքաղաքն է հռոմէացիներու օրօք, ապա՝ հայ թագաւորներու օծման վայրը: Ատանայէն դէպի Հայոց Ծոց, Հաթայ մարզ, ապա՝ Չորք Մարզպան քաղաքը, Ալեքսանտրէթ (Իսկենտէրուն) եւ Քառասուն Մանուկներու եկեղեցի: Այնուհետեւ՝ Անթաքիա (հին Անտիոք, Սելեւկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք) եւ Մարաշ, իսկ վերջին կայարանն էր Արարատ սարը:
Իսկապէ՛ս գեղեցկօրէն եւ բծախնդրօրէն պատրաստուած տեղեկատուական տեսաժապաւէն մըն էր: Անժխտելի է, որ ներկաները ցաւով եւ տառապանքով կը գիտակցէին, թէ կար ժամանակ, երբ անոնք ուրախ էին իրենց պապենական հողերուն վրայ: Բոլոր հնամենի վայրերն ալ իսկապէ՛ս գեղատեսիլ էին, իսկ Ֆօտուլեան կրցած էր այդ վայրերուն թաքուն գեղեցկութիւնը ի յայտ բերել՝ իր արուեստագէտի հպումները աւելցնելով: Տեսարաններու եւ բնակավայրերու համադրումը ան յաջողապէս կատարած էր, իսկ հոգեբանականօրէն՝ գոյնը մեծ դեր կը խաղար սոյն համադրման մէջ, տեղ-տեղ սեւ ու ճերմակը փոխած ըլլալով գունաւորի: Իսկ ընդհանուր երաժշտութիւնը տեսաժապաւէնը դարձուցած էր աւելի ուշագրաւ:
Ներկաները գոհ եւ յուզուած դիտեցին մինչեւ աւարտը: Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն Ֆօտուլեանին՝ իր գնահատելի աշխատանքին համար: Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:

http://asbarez.com/arm/189013/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ