Քեսապի իրադարձութիւններուն առիթով. բողոքի ցոյց` ընդդէմ ՄԱԿ-ի անտարբերութեան

Նիկոլ ԱղբալեանԵրէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Քեսապի իրադարձութիւններուն նկատմամբ ՄԱԿի դրսեւորած անտարբերութեան առիթով:

«Քեսապը մերն է` մերը պիտի մնայ», «Թուրքիա՛, ձեռքերդ հեռու՛ Քեսապէն» վանկարկումներով գործիչները ու Հայաստանի մէջ բնակող քեսապահայերը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի շէնքէն երթով քալեցին դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ, ուր նամակ յանձնեցին կազմակերպութեան ներկայացուցիչին:

Ցոյցի մասնակիցները ՄԱԿ-էն կը պահանջէին կատարել իր իսկական առաքելութիւնը, դատապարտել եւ կանխել Թուրքիոյ քողարկուած նախայարձակումը Քեսապի բնակչութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ միջոցներու ձեռնարկել` քեսապցիները իրենց մնայուն բնակութեան վայր անվտանգ տեղափոխելու համար:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան բարձրախօսով նշեց, որ Քեսապ հայահոծ տարածքին վրայ Թուրքիա երեք անգամ ոտնձգութիւն կատարած է` 1909, 1915 թուականներուն եւ հիմա: «Այս երեք գործողութիւնները Թուրքիոյ կողմէ միտուած են ոչնչացնելու Քեսապի հայ բնակչութիւնը: Թուրքիա կը շարունակէ հայերու ցեղասպանութիւնը: Միջազգային հանրութիւնը իր կրաւորական կեցուածքով, անտարբերութեամբ, լռութեամբ կը սատարէ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան, կը խրախուսէ Թուրքիան` շարունակելու ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Վարդանեան` պահանջելով միջազգային հանրութենէն համապատասխան գնահատական տալ, միջամտել եւ պահանջել Թուրքիայէն` զերծ մնալ պատերազմի հրահրումէն, հակահայկական գործողութիւններէն: Վարդանեան ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ը պարտաւոր է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի քեսապահայութիւնը վերադառնայ իր բնակավայրը:

ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ նամակը անպայման արձագանգ պիտի գտնէ եւ պիտի ուղարկուի ՄԱԿևի միջազգային գրասենեակ:

Ցոյցին մասնակից քեսապահայերը, որոնք շատ յուզուած էին, կը պատմէին, թէ վերջին օրերուն ինչպիսի՛ զրկանքներ կրած են իրենց հարազատները: «100 տարի անց Թուրքիա նորէն իր սեւ գործը կ՛ընէ», նշեց քեսապահայերէն մէկը:

http://www.aztagdaily.com/archives/179679

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ