Արամ Ա. Կաթողիկոս ՄԱԿին կ’առաջարկէ ապազինել Քեսապի շրջանը

•

Արամ Ա.Հինգշաբթի 27 մարտ 2014ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Ան վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:

Վեհափառ Հայրապետը պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործոնին կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուի Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթմանը շինիչ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ:

http://asbarez.com/arm/188668/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ