Շտապ կոչ

Սեւան Նշանեանի դէպքին վերջնական իրավիճակը.

Սեւան Նշանեան 27 մարտ` հինգշաբթի առաւօտ ժամը 9:10-ին, Իզմիրի քրէական կատարողական դատաւորի առջեւ պիտի ելլէ:

Բանտի ղեկավարութիւնը, Սեւան Նշանեանի պարագային, թէ՛ մեղադրող, թէ՛ մեղադրանքը պաշտօնապէս ընդունող կողմ ըլլալով կը խախտէ օրենքը:

Սեւան Նշանեանի նախկին բանտի կարգապահական յանձնաժողովը, հիմնուելով այն շինծու մեղադրանքին վրայ, թէ Սեւանը արհարամարհած է բանտի պաշտօնեաներէն մէկուն, եւ այսպէս ստեղծուած է հանցագործութիւն մը, ան դատապարտեց մենախցիկ մնալու եւ ուղարկուեցաւ Buca-ի փակ բանտը:

Առկայ են մէկէ աւելի անօրինութիւններ.

1. Torbali բաց բանտին մէջ Սեւան Նշանեանի «հանցագործութեան» թղթածրարը պատրաստող, «միջադէպը» խուզարկող, հարցաքննող եւ Սեւանը մեղադրող բանտի փոխտնօրէնը միեւնոյն ժամանակ Սեւանը դատապարտող յանձնաժողովի նախագահն է անոր արձակած վճիռը արդարադատութեան եւ գործող օրէնքի հակառակ է:

Այս պարագային փոխտնօրէնը թէ՛ դատախազի, թէ՛ դատաւորի դեր կ’ունենայ:

2. Սեւանը անմիջապէս փոխադրուած է փակ բանտ` արձակուած վճիռին առարկելու եւ բողոքարկման գործընթացը առանց սպառուելու, որն անօրինականութիւն է:

Սեւան բողոքարկած եւ առարկած է վճիռին, սակայն դատախազը հաստատած է արձակուած որոշումը:

Դատաւորը ընդունած է լսել բողոքը 27 մարտ թուականի դատական նիստով:

Սեւան Նշանեան Buca-ի փակ բանտէն փոխադրուած է Իզմիր քաղաքի Ալիաղա Շաքրան «T-type» բանտ, որտեղ կը գտնուի մեկուսացման պայմաններու ներքոյ:

Սեւանի մասին արձակուած վճիռը վերացնելու Իզմիրի քրէական դատավարութեան 27 մարտի դատական նիստը շատ կարեւոր է:

Քանի որ Սեւանի մասին արձակուած` մենախցիկ մնալու վճիռը եթէ վաւերացուի, աւելի պիտի դժուարանան Սեւանի բանտի պայմանները բարելաւել, եւ բաց բանտ փոխադրուելու հնարաւորութիւնը պիտի վերջանայ:

Նաեւ պիտի երկարի իր ազատազրկման ժամկետը:

Մենախցիկ փոխադրելու վճիռը վերացնելու համար կարեւոր է դատաւորին բացատրել այս անարդարութիւնն ու դիտումնաւորութիւնը, որ արդէն արդարադատութեան եւ գործող օրէնքի դէմ է:  

Կարեւորը այս կէտն է, որ պէտք ստացուի:

Սեւան Նշանեան բացօրէն անարդար իրավիճակի մատնուած է. պէտք է հրաժարինք լուռ մնալէ եւ պէտք է արտայայտենք այս անարդարութիւնը:

Սայիթ Չէթինօղլու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ