ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ այս տարուան ընթացքին շարք մը ձեռնարկներ կ՛իրականացնէ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան միջոցաւ՝ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան ցուցաբերուած նպաստներուն համար: Արդարեւ, Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կը կազմուի խումբ մը, մասնակցելու համար «Հրէական աշխարհի դէտ» կազմակերպութեան տարեկան 8րդ քայլարշաւին, որուն խորագիրն է՝ «Քալէ՛, վերջ տալու համար Ցեղասպանութեան»: Քայլարշաւին մասնակցող հայկական խումբին անունն է՝ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա. Հայութիւնը կը մեծարէ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութիւնը»:
Խումբն առիթ պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու ոչ հայերուն, հոն հաստատուելիք կրպակի մը միջոցաւ:
Ապրիլ 27ին, առաւօտեան ժամը 9ին սկսող քայլարշաւին մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15: Քայլարշաւը պիտի սկսի Լոս Անճելըսի «Փեն Փըսիֆիք» զբօսայգիէն (7600 Beverly Blvd., Los Angeles, CA 90036):
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել http://walktoendgenocide2014.kintera.org/losangeles կայքէջը:
http://asbarez.com/arm/188369/
Leave a Reply