ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարը կիրակի, մարտ 30ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին պիտի հիւրընկալէ համերգ մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին առաջինը պիտի ըլլայ:
Ձեռնարկը կը վայելէ Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանի հովանաւորութիւնը, իսկ անոր պիտի մասնակցին դաշնակահար Արմէն Կիւզէլիմեան, ջութակահար Արմէն Անասեան եւ թաւջութակահար Ռուսլան Պիրիւքով:
Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է:
Յիշեցնենք նաեւ, որ առաջնորդարանին հովանիին տակ գործող «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 6ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Ցեղասպանութեան 99ամեակին առթիւ դասախօսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ, գեղարուեստական յայտագիրով: Դասախօսն է Ցիւրիխի համալսարանէն ցեղասպանագէտ դոկտ. Սէյհան Պայրաքտար, որ պիտի ներկայացնէ «Յիշողութեան քաղաքականութիւն. փոփոխութիւններ, շարունակութիւններ, ընդմիջումներ եւ խօսակցութիւններ Թուրքիոյ մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ» նիւթը: Մուտքը ազատ է:
http://asbarez.com/arm/188235/
Leave a Reply