Սեւան Նշանեանի հարցով հաւաք Պոլսոյ մէջ

OLYMPUS DIGITAL CAMERAՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, մարտ 18ի երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» սրահին մէջ Սեւան Նշանեանի հարցով հաւաք մը գումարուեցաւ։ Ժողովը կազմակերպուած էր թուրք մտաւորական Սայիթ Չեթինօղլուի եւ իր աջակիցին՝ Հրանդ Գասպարեանի կողմէ։ Նիստը վարեց Սայիթ Չեթինօղլու։ Ներկայ էին Սեւան Նշանեանի որդին՝ Արսէն Նշանեան, լրագրող Էթիէն Մահչուպեան, լրագրող եւ գրող Օրալ Չալըշլար, «Ազիզ Նեսին» հիմնարկի նախագահ Ալի Նեսին, երեսփոխան Ուֆուք Ուրաս, Մալաթիոյ ՀԱՅՏԷՐի նախագահ Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու, ճարտարապետ եւ գրագէտ Զաքարիա Միլտանօղլու, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն՝ Շիշլիի քաղաքապետութեան համանախագահութեան թեկնածու Քենան Ենիճէ, «Ճեզայիր» շէնքի սեփականատէր, մտաւորական Օսման Գաւալա, փաստաբան Էրկին Ճինմեն, Սեւան Նշանեանի մեծաթիւ բարեկամները, ընկերները եւ զանազան ճարտարապետներ։
Չեթինօղլու բացաւ նիստը եւ պատմեց, թէ Շիրինճէ գիւղը նախապէս յունական գիւղ մըն էր, որ աւերեալ վիճակ կը պարզէր։ Շնորհիւ Սեւան Նշանեանի ճարտարապետական հնարամտութեան, այս գիւղը ստացաւ գեղեցիկ տեսք. ան աւելցուց, որ Նշանեան այս գիւղի շէնքերու կառոյցին համար գործածեց բնական քարեր, միօրինակ գեղեցկութեան մը ճարտարապետը հանդիսացաւ, բայց ասոր փոխարէն՝ մեծ տառապանքներու եւ չարչարանքներու ենթարկուեացաւ։
«Քաղաքապետութիւնը բազում դժուարութիւններ յարուցանեց այս շինութիւններուն համար եւ Նշանեանը ծանր դժուարութիւններու մատնեց։ Նշանեան վերջին անգամ երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ արգիլեալ հողերուն վրայ շէնք կառուցելու եւ քաղաքապետութեան կողմէ կնքուած շէնքերուն կնիքները վերցուցած ըլլալու յանցանքով», ըսաւ Չեթինօղլու՝ պատմելով Նշանեանի բանտային ոդիսականին, անոր դէմ ցուցաբերուած յոռի վերաբերումին եւ անոր կրած հոգեբանական եւ մարմնական խոշտանգումներուն մասին:
Այս բացատրութիւններէն ետք, Սեւան Նշանեանի որդին՝ Արսէն Նշանեանը, կարդաց իր հօրը կողմէ այս հաւաքոյթին առթիւ գրուած նամակը, որուն մէջ կ՛ըսուէր հետեւեալը.
«Ես յանցանքի արժանի ոչի՛նչ ըրի։ Ես չըրի այն, ինչ ուրիշները կրնան ընել։ Ես ըրի այն, ինչ ուրիշները չե՛ն կրնար ընել։ Պետութեան եւ ժողովուրդին կողմէ արհամարհուած եւ լքուած գիւղ մը վերականգնեցի, բնակելի գեղեցիկ գիւղի մը վերածեցի։ Վայրագօրէն աւերուած գիւղ մըն էր Շիրինճէն։ Ես այդ գիւղը ճարտարապետական նորագոյն հասկացողութեամբ նորոգեցի։ Դարձի բերի հաւաքականութիւն մը, որ տգեղութիւնն ու աժանութիւնը իբրեւ առօրեայ ապրումի ըմբռնում որդեգրած էր։ Անոնց ցոյց տուի բնակա՛ն գեղեցկութիւնը։ Անոնց ցոյց տուի ճշմարի՛տ ուղին։ Ես ասոնք ըրի ո՛չ թէ դրամի կամ շահի համար։ Ըրի, որպէսզի օրինակ ըլլամ ուրիշներու։ Տասնեակներով մարդիկ եկան, համբուրեցին երեսներէս եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի՝ ըսելով, թէ իրենց կեանքին լո՛յս սփռեցի ես։ Իսկ անոնք, որոնք պետութեան անունով պաշտօն կը վարեն, նողկանք զգացին ինձմէ։ Անոնք լոյսէն վախցող, շահի եւ վատութեան հետամուտ մարդիկ են։ Կարծեցին, թէ ես գլուխ պիտի հակեմ իրենց դիմաց։ Ես ո՛չ մէկ պայմանի դիմաց գլուխ կը հակեմ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն ընկերներուս եւ բարեկամներուս, որոնք այսօր այս հաւաքոյթը սարքեցին ինծի համար։ Բարեւներ բոլորին»։
Ապա ներկաներէն ոմանք իրենց տեսակէտները պարզեցին եւ իրենց ցաւը յայտնեցին՝ երկրին համար այսքա՛ն բարիքներ գործած մարդու մը դէմ իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած յոռի կեցուածքին համար։
Յայտնենք, որ Սեւան Նշանեանի դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի Մարտ 27ին, Իզմիրի դատարանին մէջ։

http://asbarez.com/arm/187898/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ