Մարտի 16-ին Պոլսոյ «Իսմայիլ Պէշիքչի» հիմնարկութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ համաժողով մը կազմակերպեցինք` «2015 թուականէն 1 պակաս. մեր անցեալն ու ապագան» խորագրով:
Թուրքիոյ լրագրողներէն, փաստաբաններէն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններէն բաղկացեալ նախաձեռնող մեր կոմիտէի անդամներէն մէկը ինձ տեղեկացուց, որ արդէն իսկ քննադատութեան ենթարկուած ենք Ասորիներու «Sabro» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Թումա Չէլիք-ի կողմէ:
Թումա Չէլիք մեզ քննադատած է, թէ ժողովի կոչնագրի մէջ ինչու միայն նշած ենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անտես կ’առնենք ասորիներու Սէյֆոն:
Այս մարդը աւելի առաջ ալ խանգարիչ հարցազրոյց տուած է թրքերէն լեզուով, ողջ հայութիւնը մեղադրած էր` ըսելով, իբր թէ անտես կ’առնենք ասորիներու Սէյֆոն:
Մարտի 16-ի մեր ժողովի ընթացքին ուշագրաւ էր նաեւ ինքզինք իբրեւ «ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ» ներկայացնող թրքախօս մէկը, ժողովի հարցուպատասխան բաժնի մէջ փաստաբաններուն հարցում ուղղելով` օրակարգի բերել փորձեց այսպէս կոչուած «Հոճալուի դէպքերը»:
Ան հարցուց, թէ հնարաւո՞ր է «Հոճալուի դէպքերը» որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Փաստաբան Էրտալ Տողան, բացօրէն յայտնեց, ոչ միջազգային օրէնքներու համաձայն` հնարաւոր չէ նման բան մը: Տողան, շեշտելով ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնն եւ ատելութեան փրոփականտը, նշեց որ նիւթը կը կարօտի անկողմնակալ, նախառեալ կարծիք չունեցող, իրաւացի եւ իրական հետազօտութեան: Տողան նշեց, որ 1915 Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք մըն է, եւ ինչ որ այս յանցանքին առջեւ բերել կը փորձուի ուրիշ եւ երորդական կողմերուն ծայրայեղներու կողմէ, ի սկիզբանէ մատնուած կ’ըլլայ պարտութեան:
Տողան ըսաւ, որ Էրկէնէքոնի դատով կալանաւորուած յանցագործներէն մէկն արդէն իսկ ինքնին խօստուանած է, որ Հոճալուի մէջ յատուկ դեր ունեցած է Էրկէնէքոնի գաղտնի սպասաւորները:
Լաւ էր ժողովը ընդհանուր առմամբ:
Խնդիր մը չելաւ:
Ժողովէն յետոյ մեր կոմիտէի անդամներով որոշում կայացուցինք չբաւարարուիլ մէկ համաժողովով կամ միայն Պոլիս քաղաքով: Որոշեցինք` փորձել աւելի լայնածաւալ համաժողով մը իրականացնելու ուղղութեամբ աշխատիլ նաեւ Տիգրանակերտի մէջ:
Շնորհակալութիւն բոլոր բարեկամներուն, որոնք շնորհաւորանք ուղարկելով կամ մեր կոչնագիրը տարածելով` նեցուկ կանգնած են մեր կոմիտէին:
Ժողովի մասին՝ www.demokrathaber.net/guncel/6-ermeniyi-olduren-7yi-ariyormus-h29603.html
Հայերէն՝ http://akunq.net/am/?p=37832
Լուսանկարը` Akunq.net-ի
Leave a Reply