ՊԵՌՆ.- Մարտ 6ին եւ 7ին, զուիցերիական ամենահեղինակաւոր թերթերուն՝ «Նոյէ Զիւրխեր Ցայթունկ»ի եւ «Լը Թան»ի մէջ, լոյս տեսած է մէկ էջնոց տեղեկատուական ծանուցում մը, Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսմանց միջազգային հիմնարկին («Զօրեան» հիմնարկին մէկ մասը) եւ Զուիցերիա-Հայաստան միութեան համատեղ ջանքերով. ծանուցումին մէջ մանրամասն անդրադարձ կայ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր ուրացման:
Յօդուածին մէջ մասնաւորաբար կը խօսուի Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր յաջորդող տարիներուն Զուիցերիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն հայանպաստ դիրքորոշումներուն եւ գործունէութեան մասին։ Այնուհետեւ, կոչ կ՛ուղղուի, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները հետամուտ ըլլան եւ բողոքեն այն վճիռին դէմ, զոր Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը արձակեց թուրք ազգայնամոլ Տօղու Փերինչեքի դիմումին առնչութեամբ։
Հոն կը նշուի նաեւ, թէ անցած Յունուարին, Հրէական Ողջակիզման յիշատակութեան առթիւ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթեր ըսած էր. «Նոյնիսկ ներկայիս կան մարդիկ, որոնք կ՛ուրանան Ողջակիզման եւ այլ ցեղասպանութիւններու ծաւալները։ Մեր պարտքն է մերժել նմանօրինակ վերաբերում մը եւ հակազդել այդպիսի մօտեցումներու՝ մարդոց յիշեցնելով փաստերը եւ պատմական իրականութիւնները»։
Ապա կը նշուի, որ Զուիցերիոյ նախկին նախագահներէն Ճուզեփէ Մոթա Սեպտեմբեր 1922ին, Ազգերու լիկային դիմաց ըսած էր. «Այս մարդիկ )հայերը) 2.5 միլիոն բնակչութիւն ունէին Թուրքիոյ մէջ, իսկ հիմա մնացած են միայն 300 հազար հայեր: Մենք պէտք է ո՛չ միայն յարգանքի տուրք եւ բարեացակամութիւն ցուցաբերենք այդ աղքատ ու դժբախտ մարդոց հանդէպ, այլ նաեւ հաստատակամ կեցուածքով պէտք է աջակցինք անոնց՝ մեր ուժերու առաւելագոյն չափով»։
Յօդուածը կը դրուատէ Զուիցերիոյ ժողովուրդի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ յատկապէս Եակոպ Քիւնցլերի անձը, որ կնոջ՝ Էլիզապէթին հետ, 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը իր կարելին ըրած էր մեղմացնելու հայերուն տառապանքները:
Ապա կը ներկայացուին Ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» կոչած Փերինչեքը պատժելու զուիցերիական ատեանի վճիռին մանրամասնութիւնները եւ Եւրոպական ատեանին Դեկտեմբեր 17ի վճիռը:
«Վճիռին թերութիւնը այն է, որ չափազանց վիճելի ձեւակերպումներ կը պարունակէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, եւ այդ ձեւակերպումները լիովին դուրս կ՛ելլեն ատեանի իրաւասութեան շրջանակէն։ Դատարանը, անտեսելով հրատարակուած ծաւալուն փաստերը՝ անիմաստ կերպով կասկածի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը», նշուած է յօդուածին մէջ։
Յօդուածը նաեւ կը մերժէ ատեանին այն պնդումը, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի չէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան սերմանում նկատել, հակառակ այն իորողութեան, որ Ողջակիզման ուրացումը, ըստ ատեանին՝ «հրեաներու դէմ ատելութեան սկզբունքային շարժիչ ուժն է»։
Յօդուածը նաեւ կը նշէ, թէ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը համոզիչ փաստեր տուած է այն մասին, թէ Փերինչեքի պարագային՝ առկայ է ցեղապաշտութեան դրսեւորում։ Միութեան անդամները գրած են. «Ցեղասպանութեան ուրացումը պատճառ հանդիսացաւ, որ հակաժողովրդավարական համակարգ մը ստեղծուի Թուրքիոյ մէջ, ցեղային ատելութեան մթնոլորտ ըլլայ, ինչպէս նաեւ այդ ենթահողին վրայ կատարուին սպանութիւններ, ոտնահարուին հայերու իրաւունքները։ Այսպիսի մօտեցումներ ճամբայ բացին, որ հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ հայերը դիտուին որպէս «հինգերորդ շարասիւն», խտրականութեան ենթարկուին, միշտ ապրին վախի պայմաններու մէջ եւ բռնութիւններու թիրախ դառնան ազգայնական ցոյցերու եւ բախումներու ընթացքին»։
«Ուրացումը կը նկատուի ցեղասպանութեան վերջին փուլը։ Ուրացումը կ՛անպատուէ զոհերը եւ անոնց ժառանգորդները, զանոնք կարեկցանքի արժանի անձեր չի նկատեր ու կը շարունակէ անոնց զոհի կարգավիճակը՝ հոգեբանական այն վէրքին միջոցաւ, որ կը յառաջանայ անարդարութեան հանդէպ լռութենէն։ Այսպէս, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը մեծ վնաս կը պատճառէ ամբողջ աշխարհի հայերուն։ Զուիցերիոյ օրէնսդրութեան համաձայն՝ ամէն գործողութիւն, որ կ՛ուրանայ, կը նսեմացնէ կամ կ՛արդարացնէ ցեղասպանութեան փաստը, կը նկատուի ցեղապաշտութեան դրսեւորում։ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը բարոյական պատասխանատուութիւն ունի բողոքելու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի վճիռին դէմ եւ պաշտպանելու իր հակացեղապաշտական օրէնքները։ Զուիցերիա ձեռնածալ չէր մնացած Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն եւ չի կրնար այժմ եւս դիտորդի կարգավիճակի մէջ մնալ, երբ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը ժխտուի», եզրակացուցած է յօդուածը, որուն կողքին կը յիշուի, թէ Փետրուար 16ին, մարդկային իրաւունքներու խումբ մը պաշտպաններ եւ ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը ուղարկած էին Զուիցերիոյ՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական ատեանին վճիռը խօսքի ազատութեան իրաւունքի հետ առնչութիւն չունի, եւ յայտնելով, որ իրենք խորապէս մտահոգ են դատարանի վճիռի այն կէտով, որ ներհակ կը մնայ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստերուն։
http://asbarez.com/arm/187059/
Leave a Reply