Ըստ «Աքշամ»ի՝ Արամ արք. Աթէշեան Էրտողանը պաշտպանած է

Արամ Արք. ԱթէշեանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Աքշամ» թերթի յօդուածագիր Էմին Պազարճը, իր մարտ 7ի սիւնակին մէջ գովքը կը հիւսէ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի, յիշեցնելով, որ ան քաջութիւնը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի խօսքը կասեցնելու՝ պաշտպանելու համար Էրտողանը:
Ըստ Պազարճըի՝ Մերքել Թուրքիոյ մէջ կրօնական ղեկավարներու հետ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին քննադատական խօսքեր կատարած է Թուրքիոյ կառավարութեան հասցէին։ Աթէշեան միջամտած է եւ «վայրկեան մը» ըսելէ ետք բացատրած է, թէ Թուրքիոյ վարչապետին դէմ նման խօսքեր չի կրնար ընդունիլ՝ յիշեցնելով, որ փոքրամասնութեան ղեկավարները նախապէս նոյնիսկ տեղական մարմիններու ղեկավարներուն հետ չէին կրնար խօսիլ, իսկ այսօր անոնք ի վիճակի են նոյնինքն վարչապետին հետ տեսակցելու։ «Օսմանցիներէն ի վեր առաջին անգամն է, որ մեր իրաւունքները մեզի տրուեցան», ըսած է Աթէշեան։
Ըստ յօդուածագիրին՝ Արամ սրբազանի այս խօսքերէն ետք Մերքել ըսած է. «Եթէ գոհ էք, խնդիր չկայ»։
«Այս առիթով, նոյնիսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հեռաձայնած է Աթէշեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնած», կ՛եզրակացնէ Պազարճը։

http://horizonweekly.ca/news/details/33590

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ