Գործակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Փարիզի «Շօա» թանգարաններուն միջեւ

Հայկ ԴեմոյանՓԱՐԻԶ.- Երեքշաբթի, մարտ 4ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հանդիպումը` Փարիզի «Շօա» յուշահամալիր-թանգարանի (Memorial de la Shoah) տնօրէն Ժագ Ֆրեժի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկու հաստատութիւններուն միջեւ համատեղ հետազօտութիւններ, կրթական ծրագիրներ եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին ուղղուած համատեղ ծրագիրերու մշակման հարցեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման մասին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ համատեղ ցուցահանդէսներ կատարելու համաձայնութիւն գոյացած է, եւ կ՛ակնկալուի յառաջիկայ ամիսներուն ստորագրել երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան պաշտօնական յուշագիր մը:

http://asbarez.com/arm/186647/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ