Պոլսահայ Գայուշ Չալըքման Իշխանաց կղզիներու քաղաքապետի թեկնածու

Գայուշ ՉալըքմանԹուրքիոյ մէջ մարտի 30-ին պիտի կայանան քաղաքապետական ընտրութիւններ: Թրքական տարբեր կուսակցութիւններ իրենց ընտրացուցականերուն մէջ ներառած են նաև հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Իսթանպուլի Իշխանաց կղզիներու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած հայազգի Գայուշ Չալըքմանին: Այս կուսակցութեան կողմէ նշեալ ընտրատարծաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ 12 թեկնածուներէն մէկը նոյնպէս հայ է: Ամենաշատ հայ թեկնածուներ առաջադրած են Իսթանպուլի Պաքըրքոյի շրջանին մէջ, ուր հայ քուէարկողներու մեծ թիւ կայ:  Պաքըրքոյի մէջ,  իշխող Արդարութիւն և զարգացում, ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական, Ազգայնական շարժում և Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւններու կողմէ ընդհանուր թիւով 8 հայ թեկնածու առաջադրուած է: 2 հայ թեկնածու առաջադրուած են Շիշլիի շրջանին մէջ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան կողմէ:

ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ Է

Թուրքիոյ մէջ քաղաքապետատական ընտրութիւններուն նախօրեակին հայ կին մը առաջադրուած է քաղաքապետի թեկնածու։
Թուրքիոյ մէջ նոր կազմուած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Ալեքսանտրեթ նահանգի Սամանտաղի (Սուէտիա) քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած է ազգութեամբ հայ Լորա Պայթարը (Չափար)։

Լորա Պայթար 2013-ին ամուսնացած է Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆլըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Ճեմ Չափարի հետ։

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նախապէս Պոլսոյ Պաքըրքոյի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած էր Նուարդ Պաքըրճըօղլուն։

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր թեկնածուները կը ներկայացնէ համանախագահութեան սկզբունքով, այսինքն, մէկ տղամարդ եւ մէկ կին։ Պաշտօնապէս կ՚ընտրուի մէկը, սակայն ընտրուելու պարագային կառավարումը պիտի կատարուի համանախագահութեան սկզբունքով։

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ