Պետական Գանձը ետ կ՚առնէ հայկական կալուածները

հայկական կալուածՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

Երբ կալուածներու գրանցումներու բաժնի արխիւներուն մէջ գաղտնապահութիւնը կը շարունակուի նախապէս հայապատկան կալուածներու եւ հողատարածքներու մասին, Պետական Գանձի վարչութիւնը կը շարունակէ այդ կալուածները վերասեփականացնելու գործընթացը։ Այս ծիրէն ներս վերջին զարգացումը տեղի ունեցաւ Սաքարիոյ Աչմապաշը եւ Քարափլէթի գիւղերուն մէջ։

Իսթանպուլի ջուրի մատակարարման հարցը լուծելու համար Մէլէն գետէն ջուր փոխադրելու ծրագիրով պետութիւնը դատ բացաւ վերոյիշեալ գիւղերու բնակիչներուն դէմ։ Պետական Գանձը դատի հայցագիրին մէջ կը նշէ, որ գիւղացիներուն 75 տարիէ իվեր գործածած տարածքները հայերու կողմէ լքուած հողամասեր են եւ այդ տեսակի «կորած անձանց» հողատարածքները որպէս «լքեալ կալուած» կը պատկանին պետական գանձին։ Իրաւագէտներ ալ կը յայտնեն թէ այս վճիռը յառաջիկային կրնայ օրինակ ծառայել իրենց սեփական կալուածներու համար դատ բանալիք հայերու եւ յոյներուն։

Հայապատկան կալուածներ

Ազգային Կալուածներու Տնօրէնութեան լիազօրներուն հետ տեսակցող Քոճաէլիի Հողագործներու Սենեակի նախագահ Թամէր Թունճա կը յայտնէ թէ Պետական Գանձը գիւղացիներուն կալուածաթուղթ տրուելուն ժամանակ սխալ գործողութիւն կատարուած ըլլալը պատճառաբանելով կը պահանջէ, որ չեղեալ համարուին այդ կալուածաթուղթերը։ «Այս տարածքի վրայ ջրամբար պիտի կառուցուի։ Պետութիւնը պէտք է պետականացնէ գիւղացիի սեփական հողը։ Բայց զգուշ քննարկումէ մը ետք պետութիւնը կ՚ըսէ որ, “չեմ գներ արդէն ինծի պատկանող տարածքը”։ Իրականութեան մէջ այս հողերը հայերէն մնացած են»։

Աչմապաշըի գիւղապետ Ալիմ Հօշկէօր ալ կը յայտնէ թէ իրենց գիւղացիներու 50 կալուածաթուղթէն 28-ի համար դատ յարուցուած ու անոնցմէ 13-ի գրանցումը չեղեալ համարուած է։ «Այս շրջակայքը հայերու կողմէ լքուած է։ Պետութիւնը 1938-ին հողերը գրանցած է իր վրայ։ Իսկ 2004-ին երբ Քատասթրօն նոր հողաչափութիւններ կատարեց, այդ տարածքը գրանցուեցաւ գիւղացիներուն»։ Գիւղապետ Հօշկէօր դեռ կ՚ըսէ թէ փաստաբան բռնող եւ իրաւունք պաշտպա նող գիւղացիները ցարդ 30 հազար լիրա ծախսած են։

Վճիռը կրնայ օրինակ ըլլալ

Միւս կողմէ իրաւաբան Ճէմ Սօֆուօղլու կը պնդէ որ Պետական Գանձի յաջողած դատերը օրինակ կրնան հանդիսանալ։ Քատասթրոյի օրէնքին 18/2 յօդուածի համաձայն կորած անձերու պատկանած կալուածները ժամանակի սպառման միջոցաւ չեն կրնար փոխանցուիլ։ Գիտենք որ կորած անձեր բացատրութիւնը կը գործածուի հայերու եւ յոյներու համար, հետեւաբար անոնց պատկանող կալուածներուն կարելի չէ գործածելու իրաւունքի միջոցաւ տիրանալ։ «Պետական Գանձը այս դատերով ետ կը ստանայ կալուածները։ Յառաջիկային հայերու եւ յոյներու կողմէ յարուցուելիք դատերուն այս վճիռները օրինակ պիտի հանդիսանան» ըսաւ իրաւաբան Ճէմ Սօֆուօղլու։

Համշէնական գիւղ մը

Ջրամբարի նախագիծը ու մանաւանդ Աչմապաշը գիւղը ուշագրաւ է նաեւ իր պատմականով։ Գաղտնիք մը չէ, որ գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած են ԺԹ. դարու կէսերուն Տրապիզոնի հարաւարեւելեան շրջաններէն գաղթած եւ Հայ Լազեր կոչուած, նախ Օրտու ու ապա Բիւթանիա հաստատուած, այդ շրջանին ալ իսլամացուած 42 համշէնցի ընտանիքներ կը բնակին։

uygargultekin@agos.com.tr

«ԱԿՕՍ», 

Թիւ 929 • 21 Փետրոաւր 2014

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ