ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա» – Պատմաբան Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ ստորագրած է երկարաշունչ յօդուած մը, որ կը քննարկէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ ընդունուած որոշումին սխալ կողմերը: Աքչամ այս հարցին կը մօտենայ իրաւագիտական տեսանկիւնէ` ծանրանալով վճիռին իրերամերժ տեսակէտներուն վրայ: Ընդհանուր խորագիրը արդէն բաւական խօսուն է` «Հրէական Ողջակիզումը չէք կրնար ուրանալ, բայց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը ազատ»:
Յօդուածագիրին մայր գաղափարը այն է, որ ԵՄԻԱ-ն Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը կարծիքի ազատութեան սահմանին մէջ կ՛առնէ, մինչ Հրէական Ողջակիզումը անկէ դուրս կը պահէ, որովհետեւ ԵՄԻԱ-ի որոշումին մէջ բոլոր ցեղասպանութիւններուն մասին չէ խօսուած, այլ խօսուած է միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս կերպով` ԵՄԻԱ խտրականութիւն կը դնէ նշեալներուն միջեւ:
Աքչամ կը բնութագրէ երկու հակադիր այն հոսանքները, որոնցմէ մէկը կարծիքի ազատութեան բռնաբարում կը նկատէ ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ դրուած պատժական արգելքը, իսկ միւսը` կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ կարծիքի ազատութիւնը ունի իր սահմանափակումները, որոնք պէտք է յարգուին: Աքչամ կը գրէ, թէ որոշ տեսանկիւնէ մը կարելի է իրաւացի նկատել ցեղասպանութեան ուրացումը կարծիքի ազատութեան բռնաբարում նկատելու տրամադրութիւնը: Որոշ նրբերանգներով` միջին տեսութիւններ հրապարակ կը քշուին. օրինակ` կը պահանջուի, որ ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն չնկատուի, պայմանաւ, որ այդ ուրացումին մէջ մարդոց դէմ ատելութեան քարոզչութիւն չկատարուի, եւ այլն:
Այս վերլուծումներէն ետք, Աքչամ կը պնդէ, թէ ԵՄԻԱ-ի թերութիւնն այն է, որ մեկնած է սխալ տուեալներէ: Սխալներէն առաջինը հետեւեալն է. ըստ ԵՄԻԱ-ի` Տողու Փերինչեք ընդունած է, որ սպանդներ պատահած են, բայց չէ ընդունած, որ այդ սպանդները իրաւագիտական գետնի վրայ ցեղասպանութիւն նկատուին:
«Կարծէք, թէ ԵՄԻԱ-ի առջեւ կայ անմեղ գիտնական մը, որ կ՛ընդունի հայերու դէմ սպանդներու իրողութիւնը, սակայն ցեղասպանութիւն անունը տալ չ՛ուզեր այդ սպանդներուն: Մինչդեռ Տողու Փերիչեքի կեցուածքը այդպէս չէ. Փերինչեք կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ 1915ի սպանդները յանցագործութիւն չեն: Ան չի պախարակեր 1915ի աքսորն ու սպանդները: Ընդհակառակը, ան կ՛ըսէ, թէ ասոնք հայրենիքի պաշտպանութեան համար էին ու ճիշդ էին, ընդունելի էին: Իր այս համոզումին հետեւանքով ալ Փերինչեք տենդագին գործունէութեան ձեռնարկած է, որպէսզի գովէ այդ սպանդներուն կազմակերպիչները ու անոնց յիշատակները յաւերժացնէ: Այս նպատակով կազմուած է «Թալէաթ փաշա» անունով մարմին մը, որ աշխարհի մէջ ամէն կողմ կը ջանայ յաւերժացնել Թալէաթ փաշայի արդար պատկեր մը: Փերինչեքի ամբողջ գործունէութիւնը ուղղուած է 1915ի սպանդները պաշտպանելու նպատակին: Փերինչեք եւ գործակիցները հայերու դէմ բացայայտօրէն ատելութեան յանցագործութիւններու դիմած են. անոնք ճամբայ բացած են բազմաթիւ սպանդներու, որոնցմէ մէկն ալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր», կը գրէ Աքչամ:
Աքչամ նաեւ լուրջ սխալ մը կը նկատէ Հրէական Ողջակիզումն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրարմէ անջատելու կեցուածքը:
http://asbarez.com/arm/185437/
Leave a Reply