Թուրք աքթիւիսթը կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ Սեւան Նշանեանի հարցին մասին:
Սայիթ Չէթինօղլուն մարդու իրաւունքներու պաշտպան է: Ներկայիս ան կ’ապրի Անգարա եւ անդամ է «Անգարայի բաց համալսարան»ին: Չէթինօղլուն բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է, եւ անոր ուսումնասիրութիւններուն գլխաւոր առանցքը հայերուն, յոյներուն եւ պոնտացիներու դէմ կատարուած սպանդներուն հետ կապուած թեմաներն են: Աշխատակցած է շուրջ երկու տասնեակ թերթերու, որոնց շարքին նաեւ հայկական թերթեր, ինչպիսին են` Պոլսոյ «Ակօս»ն ու «Մարմարա»ն: Իր ամէնէն աւելի տարածում ունեցած աշխատութիւններէն մին կը կրէ «Սպանդ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն դէմ» խորագիրը, որ լոյս տեսած է Ռ. Զարագօլուի «Պէլկէ» հրատարակչատան կողմէ: Չէթինօղլու անդամ է նոր ստեղծուած «Սեւան Նշանեանի պաշտպանութեան կոմիտէ»ին որուն կ’անդամակցին Թուրքիայէն, Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն երեսունէ աւելի ծանօթ գրողներ եւ աքթիւիսթներ: Սայիտին հետ յաջողեցայ զրուցել «Սքայփ»ով եւ զրոյցը կատարեցի թրքերէնով: Աւելի ուշ թէքստը հայերէնի վերածեց Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանը:
Վերջին շրջանին Սեւան Նշանեանի դէմ հրապարակուած վճիռը, որուն հիմամբ ան երկու տարուան անարդար բանտարկութեան պատիժ ստացաւ, բաւական մեծ աղմուկ ստեղծեց Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչպէս կը գնահատես իրադրութիւնը այսօր:
Յիշեցնել կ’ուզեմ Միխայիլ Պաքունինի* խօսքը՝ «Օրէնքը/իրաւաբանութիւնը իշխանութեան պոռնիկն է»: Ճիշտ այսպէս օրէնքը որպէս գործիք շահագործուած է Սեւան Նշանեանի դէմ, եւ ան այսօր յայտնուած է բանտի ճաղերու ետին: Իր բանտարկութեան մասին ճիշտ է, որ Թուրքիոյ մէջ որոշ արձագանքներ եղան, բայց ասիկա կարելի չէ բաւարար նկատել: Իր գրածներէն կամ արտայայտած մտքերէն զատ, «ապօրինի շինարարութեան» համար քրէական մեղադրանքով ազատազրկուիլը եւ այս ձեւով իրեն վարկաբեկելու փորձերը, մանիբիւլաթիֆ խարդախութիւներ են: Այս իրավիճակը անշուշտ կապուած է Թուրքիոյ մէջ արմատացած պինդ եւ կարծր իսլամական ազգայնամոլութեան, ինչպէս նաեւ, այսպէս կոչուած, թրքական «ձախակողմեաններու» Իթթիհատական արմատներուն հետ: Այս երկու շերտերն ալ առհասարակ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մագնիսական դաշտին մէջն են: Նաեւ 2013-ի Քիւրտերու Նեւրոզ տօնի ելոյթէն սկսելով Ապտուլլահ Օճալանի եւ Պէսէ Հոզաթի նման PKK-ի (ՔԱԿ –Քիւրտիստանի ազատագրութեան կազմակերպութիւն- Ս. Ա.) եւ KCK-ի (Քրտական համայնավար կուսակցութիւն) առաջին դէմքերու կողմէ յայտարարուած «Իսլամական եղբայրութեան» քարոզչութիւնը հաստատող դիրքորոշումները, երկրի աքթիւ տարրը հանդիսացող քիւրտերուն ազդած է փոխելու իրենց կեցուածքները եւ յայտնուել այլ դիրքերու մէջ:
Ի՞նչ առումով:
Օրինակ քիւրտերը այսօր ընդհանուր առմամբ լուռ կը մնան Սեւան Նշանեանի հարցով:
Ի՞նչով կը պայմանաւորէք Սեւան Նշանեանի խնդրին կարեւորութիւնը:
Վերջերս Վահագն Չախալեանը յայտարարութեամբ հանդէս գալով (http//hetq.am/arm/news/32447/vahagn-chakhalyani-haytararutyuny-sevan-nishanyani-azatazrkman-kapakcutyamb.html) ազատութիւն պահանջեց Սեւանին համար: Չախալեան, յայտարարութեան մէջ այսպէս կ’ըսէր՝ «Սեւան Նշանեանին իրականում ազատազրկել են լոկ այն պատճառով, որ Թուրքիայի չգրուած օրէնքներով հայ մտաւորականին չի՛ թոյլատրվում ունենալ սեփական ազատ մտածողութիւն, նամանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին»: Լիովին համաձայն եմ այս կարծիքին հետ:
Այս պարագային կը ճշդուի նաեւ Հրանդ Տինքի որդիին, Արադ Տինքին այն խօսքը, երբ ան կ’ըսէր. «Հարիւր տարի առաջ որս էինք, իսկ հիմա խայծ եղած ենք»:
Նշանեանի գործով ահաւասիկ պարզուեցաւ, որ հայ մտաւորականը պէտք է իր «չափը» գիտնայ, ապա թէ ոչ պետութիւնը այսպէս իր ընելիքը կ’ընէ մինչեւ իսկ ամէնախորամանկ ձեւով:
Սակայն այս բացասական ազդակներով հանդերձ, հակազդեցութեան ալիքը հետզհետէ կը մեծնայ: Ներսէն եւ դուրսէն բարձրաձայնուող արձագանքները իրար կ’ուժեղացնեն: Արտասահմանէն կամ երկրի ներսէն մարդիկ հաւաքուիլ սկսած են աջակցութեան հարթակի մը վրայ, ուր առարկութիւնները լսելի կը դառնան Սեւանի դէմ ստեղծուած անարդար վիճակին մասին: Այս մասին ստեղծուած ֆէյսպուքեան էջին (հttps://www.facebook.com/turkeycondemned) միացող հազարաւոր մարդկանց աջակցութիւնը արդէն ասոր դրսեւորումներէն մէկն է: Սեւանին ընկերները ամէն առիթով կը յայտնեն, որ Սեւանին կողքին պիտի ըլլան, եւ Սեւանը առանձին պիտի չմնայ մնալու: Ըսեմ նաեւ, որ այս տարուան Հրանդ Տինք մրցանակին համար Սեւան Նշանեանի թեկնածու առաջարկուիլը եւ ասոր համար արշաւի մը սկիզբը աջակցութեան ապացոյցներէն մէկն է:
Սեւանի գործով որոշ ակնկալիքներ կա՞ն Հայաստանէն:
Սեւանը, արեւմտահայերու մէջ ոչ միայն գրածներով կամ իր արտայայտած միտքերով, այլեւ իր ստեղծագործած ճարտարապետական կատարումներով ալ իւրայատուկ անձնաւորութիւն է: Օրէնքը որպէս գործիք շահագործուելով, Սեւանը «Ապօրինի շինարարութեան» պատրուակով ազատազրկուած է: Սակայն բոլորը տեղեակ են, որ ասիկա շինծու պատրուակ մըն է, եւ Թուրքիոյ նման «ապօրինի շինարարութիւններու դրախտը» հանդիսացող երկրի մը մէջ ոչ ոք չի հաւատար նման կեղծ մեղադրանքի: Տակաւին օրեր առաջ, Մարդկային Իրաւունքներու միջազգային «Amnesty International» կազմակերպութիւնը Սեւան Նշանեանի մասին յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս գալով յայտնեց, որ «Ապօրինի շինարարութեան» մեղադրանքով Սեւանի ազատազրկումը համոզիչ չէ իրենց համար եւս: Այստեղ ըսել կ’ուզեմ, որ մարդկային իրաւունքներու եւ այս կապակցութեամբ խօսքի եւ մտքի ազատութեան վերաբերեալ աշխարհացրիւ բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք է ձայն տան եւ թրքական իշխանութիւններու պէտք է բողոք յայտնեն Սեւանի դէմ գործադրուող այս անարդարութեան դիմաց: Բոլորին կը վստահեցնեմ, որ Սեւանին պաշտպան եւ նեցուկ կանգնիլը արդէն դժուար չէ, քանի որ կը խօսինք այն մարդու մասին, ով կարիք չունի որեւէ արդարացման: Եթէ մէկդի դնենք իր գրածներն ու արտայայտած գաղափարները, Իզմիրի «Շիրինճէ» գիւղի մէջ (www.nisanyan.com) իր կատարած գործերով եւ պատմամշակութային ասպարէզով Սեւանը ահաւասիկ նորէն մեր դիմաց կ’ելլէ այլ հիանալի ծառայութեամբ:
Սեւանի դէմ վաղուց սկսած անարդարութեան շրջանը հասկնալու համար, պէտք է բացայայտուի նաեւ այս հին Յունական Քիրքինճէ գիւղին վերանորոգութեան շրջանը:
Պատմամշակութային արժէք ունեցող վերանորոգութիւններ կատարած Սեւան Նշանեանին փոխանակ ճարտարապետական Նոպէլեան մրցանակ տրուէր, ինքը այժմ բանտ ուղարկուած է եւ այսպէս դադարուեցուած է ստեղծագործման եւ մարդկութեան ծառայելու գործընթացը: Մինչդեռ սկսելով տեղական ճարտարապետական «Ağa Han» մրցանակէն, Սեւանը իրօք արժանի է ճարտարապետական միջազգային այլ մրցանակներու: Սեւանի ստեղծագործած կամ մեծ վարպետութեամբ վերանորոգած պատմամշակութային արժէքները համամարդկային չափանիշներով կարեւորութիւն ունեցող մշակութային ժառանգներ են եւ արժանի են նաեւ «UNESCO»ի ցանկին մէջ յայտնուելու ինչպէս նաեւ պահպանուելու նոյն միջազգային կառոյցին կողմէ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ շատեր ծանօթ չեն Սեւանին որովհետեւ ան միշտ համեստ կը պահէ ինքզինք: Ու լաւ կ’ըլլայ նաեւ, որ միջազգային ճարտարապետական կառոյցները ուսումնասիրեն «Շիրինճէ» գիւղի վերանորոգութեան շրջանը: Սեւանի մշակութային ստեղծագործութիւնները բացայայտելով արդէն պիտի պարզուի «ապօրինի շինարարութեան» պատրուակը եւ պետական խարդախութիւնը: Ասիկա պէտք է կարեւորել, քանի որ Սեւանի դէմ նման շինծու այլ պատրուակներով կրնան ըլլալ դատավարութիւններ, որոնց արդիւնքով կը պահանջուի մօտաւորապէս 50 տարի ազատազրկում:
Սեւան իբրեւ մտաւորական եւ հետազօտող պատմաբան յաջողած է մեծ ծակեր բանալ պետական պաշտօնական պատմութեան թէզերուն մէջ: Այս առումով միջազգային «PEN» կազմակերպութիւնը եւս պէտք չէ անտես առնէ Սեւանը: Զբօսաշրջութեան մարզէն ներս եւս ան ամէնաբարձր մակարդակով փաստած է իր յաջողութիւնը: Գրած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնցմէ մէկը պատմական Արեւմտահայաստանի մէջ մինչ օրս գոյատեւող հայկական պատմամշակութային արժէքներու մասին է: Վստահ եմ որ Սեւանը պիտի չմոռցուի կամ առանձնացուի բանտի խուցի մը մէջ: Անոր բացակայութիւնը, ոչ միայն հայութեան այլեւ մարդկութեան համար պարապ մը կը ստեղծէ: Այս պատճառով միջազգային հաստատութիւնները, հայ ժողովուրդին միանալով, միասնաբար պէտք է հանդէս գան, եւ շարժում մը ստեղծուի, մինչեւ որ պետական կառոյցները հասկնան, թէ Սեւանը առանձինն չէ ճաղերու ետին:
*Միխայիլ Պաքունին Ռուս յեղափոխական եւ անարխիստ (1814-1876)
Akunq.net
Leave a Reply