«2015ը տհաճ տարի է լինելու Թուրքիայի համար». Կ. Մանոյեան

Կ. ՄանոյեանԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը կարեւոր խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքների իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորապէս Հայ Դատի գրասենեակները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015թ. յետոյ»:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայ Դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան. ան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլ վերջերս յայտարարած էր, որ պէտք է ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ 2015ին՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը հիմնականին մէջ ուղղուած է միջազգային հանրութեան, քանի որ անոնք այդ ուղղութեամբ լուրջ վտանգներ կը տեսնեն:
«Հարիւրամեակը վերջը չէ, եւ դա բոլորն են հասկանում, սակայն խորհրդանշական է եւ միջազգային հանրութեանը կը ստիպի սկզբունքային մօտեցում ունենալ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովրդի իրաւունքների հարցում: Հէնց այդ պատճառով է Թուրքիան մտահոգ: Նրանք հասկանում են, որ ամէն առումով մթնոլորտը բացասական է իրենց համար», նկատել տուած է ան։
Եթէ տարիներ առաջ Թուրքիան 2015ը կը կոչէր «Հայկական ծովաշարժ», ապա վերջին շրջանին թրքական իշխանութիւնները կը խուսափին այդ արտայայտութենէն: «Նրանք հրաժարուել են նման լուրջ որակումներ տալուց, սակայն դա չի խանգարել, որ այդ «ցունամին» մտնի թուրք հասարակութեան մէջ, որտեղ խօսում են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ճանաչման մասին: Դա նոյնպէս անհանգստացնում է Թուրքիային», ընդգծած է Մանոյեան:
Չակերտները առանց լայնօրէն բանալու՝ Կիրօ Մանոյեան շեշտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ այսօր հայկական կողմը աւելի աշխոյժ է, Հայ Դատի գործունէութիւնը՝ նոյնպէս:
Թուրքիոյ՝ նախապատրաստուելու հիմքեր չտալու համար, Մանոյեան չ՛ուզեր բացայայտել անունները այն պետութիւններուն, որոնց հետ աշխատանք կը տարուի, սակայն կը հաստատէ, որ եթէ նոյնիսկ հատու եւ վճռական բանաձեւեր չորդեգրուին, «ընդհանուր մթնոլորտը, յայտարարութիւններն ու կոշտ ձեւակերպումներ տհաճ են լինելու Թուրքիայի համար»:
Անոր համաձայն՝ այսօր Հայ Դատի կառոյցները երկու տարբեր ուղղութեամբ կ՛աշխատին: «Ամենակարեւորը համախմբուածութիւնն է: Մեր ընդհանուր մօտեցումն այն է, որ 2015թ. լինի իրաւունքների սահմանման եւ ճանաչման տարի: Բացի պատմական փաստի ճանաչումը, պէտք է շեշտը դրուի նաեւ իրաւունքների ճանաչման վրայ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներն ընթացքի մէջ են», նշած է Մանոյեան:
Հայաստանի համար Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ այնքան մտահոգիչ ըլլայ, որ ան պարտաւորուած զգայ կողմնորոշուելու ներքին այս կամ այն ուժին նկատմամբ: Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այդ երկրի հասարակութեան կեանքն է, ներքաղաքական խնդիրը, եւ իրենք պէտք է որոշեն իրենց իշխանութիւնները, իսկ Հայաստան պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ իշխանութեան հետ յարաբերելու: «Թուրքիայում տեղի ունեցող վերջին զարգացումները փաստում են, որ թուրքական իշխանութիւնների առաջ քաշած մօտեցումները կեանքի չկոչուեցին եւ տապալուեցին ոչ միայն արտաքին այլեւ ներքին կեանքում: Ոչ կայուն Թուրքիան Հայաստանի համար աւելի շատ խնդիր է ներկայացնում, քան իր ուղղութիւնը յստակ իմացող Թուրքիան: Թուրքիայի ապակայունացումը կարող է բերել անկանխատեսելիութեան, ինչը Հայաստանի համար այնքան էլ ցանկալի չէ: Իսկ Հայաստանի համար օգտակարը մէկն է, որ այդ երկիրը շատ իմաստներով փոխուի՝ չափից սկսած մինչեւ համակարգ», նշած է Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ այս պարագային Հայաստան պէտք է անհանգստանայ ո՛չ թէ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքով, այլ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներով ու այդ առնչութեամբ թրքական արձագանգներով:

http://asbarez.com/arm/185029/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ