ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, փետրուար 7ի առաւօտեան, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհի Ռութ Ֆլինթը՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի որոշումը՝ թուրք Տողու Փերինչեքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն վրայ: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի որոշումը ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ՝ բոլոր ցեղասպանութիւններունը: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը զօրակցի Զուիցերիոյ պետական իշխանութեան, որպէսզի դիմէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի գերագոյն ատեանին՝ շրջելու համար առնուած որոշումը»:
Բաժնելով հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը՝ Զուիցերիոյ դեսպանուհին յայտնեց վեհափառ հայրապետին, թէ ինք քաջատեղեակ է յիշեալ հարցէն, եւ թէ Զուիցերիոյ բոլոր դեսպանատուները արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ բողոքներ ստանալու:
Յայտնենք, որ վեհափառը նաեւ կապ հաստատեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին հետ, որպէսզի անոնք եւս իրենց բողոքը յայտնեն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի որոշումին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ զուիցերիական իշխանութիւններուն՝ մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական գերագոյն ատեան:
http://asbarez.com/arm/184406/
Leave a Reply