Մերքել պատմութեան հետ առերեսուելու կոչ կ՛ընէ զինք «խրատող» Էրտողանին

ՄերքելՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, փետրուար 7ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ այս շաբթուան ընթացքին Պերլին այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Հայկական Հարցին շուրջ խօսակցութիւն մը ունեցած է։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս նիւթը երկու կողմերուն միջեւ ցուրտ մթնոլորտ ստեղծած է։
Նիւթը բացած է Էրտողանը՝ ըսելով. «Գիտենք, որ 1915ի դէպքերու 100ամեակին կապակցութեամբ ձեր երկրին մէջ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ձեռնարկներու համար գումար մը կը յատկացուի։ Կը յանձնարարեմ, որ այս նիւթին գծով աւելի ուշադիր վարուիք։ Կատարուելիք յատկացումներուն համար պէտք է ազդարարէք ձեր խմբակը»։
Մերքել, տրուած այդ «յանձնարարութեան» պատասխանած է՝ հետեւեալը ըսելով. «Գերմանիան ժողովրդավար երկիր մըն է։ Չենք կրնար միջամտութիւն կատարել։ Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գայ։ Պէտք չէ իրարու հետ բաղդատենք Հայաստանի մէջ ապրող հայերն ու աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրելու ստիպողութեան տակ գտնուող հայերը։ Հայաստանի հայերը շատ դժուար կացութեան մէջ են։ Թուրքիա պէ՛տք է բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանները»։
Էրտողան այս պատասխանին դիմաց կրկնած է նոյն յանկերգը՝ ըսելով. «Դուք մեզի ընդունիլ կը պարտադրէք բան մը, զոր մենք չե՞նք ըրած։ Մենք մեր բոլոր արխիւները բացած ենք պատմաբաններուն առջեւ։ Ամբողջ աշխարհին կոչ ուղղեցինք, «Եկէ՛ք, ուսումնասիրեցէ՛ք» ըսինք։ Բայց ո՛չ մէկը եկաւ։ Թուրքիոյ դէմ անիրաւութիւն մի՛ ընէք»։
Թերթը կը գրէ նաեւ, որ Մերքել Էրտողանին հարց տուած է նաեւ, թէ ան հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու պիտի ըլլա՞յ։ Էրտողան այս հարցումէն «քիչ մը ցնցուած է» ու պահ մը մտածելէ ետք՝ պատասխանած է. «Այս պահուն առաջնահերթ են Մարտ 30ի (տեղական) ընտրութիւնները։ Նախագահութեան նիւթը կը քննարկենք, երբ ժամանակը գայ»։

http://asbarez.com/arm/184403/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ