ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք քաղաքական վերլուծաբան Ուֆուք Ուրաս, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխաններէն մէկն է, քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի իշխանութեանց որդեգրած ուրացման քաղաքականութիւնը:
Թրքական «acikgazete.com» լրատուական կայքին վրայ իր հրապարակած «1915» խորագիրով յօդուածին մէջ, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան նիւթին եւ Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակներուն կողմէ ցուցաբերուող ժխտողականութեան՝ Ուրաս հարց տուած է. «Ի՞նչ եղաւ Տեւրիկի այդ տարիներուն բնակչութեան մէկ երրորդը կազմող հայերուն: Անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ այդ մարդոց ոչնչացումը «կայսերապաշտական սուտ» է, ինչո՞ւ չեն ըսեր ճշմարտութիւնը: Անոնք ինչո՞ւ լուռ կը մնան»:
Թուրք վերլուծաբանը աւելցուցած է, թէ պաշտօնական շրջանակները պէտք է առերեսուին անցեալ դարասկիզբին Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութեան կողմէ հայ բնակչութեան հասցուած ցաւերուն հետ, ինչ որ կրնայ արագացնել այդ իրադարձութիւններուն ճիշդ ընկալումը թուրք հասարակութեան կողմէ:
Ուրաս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով այլընտրանքային քաղաքականութիւն վարելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ եւ կը շեշտէ, թէ ամէն տարի Ապրիլ 24ին կազմակերպուող «Ներողութիւն կը խնդրենք» կամ «Այդ վիշտը բոլորիսն է» վշտակցութեան միջոցառումները պէտք է բազմացնել:
«Պէտք է բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, զարգացնել փոխադարձ տնտեսական յարաբերութիւնները եւ մշակութային կապերը, քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք տալ 1915ի զոհերու ժառանգներուն», նշած է ան՝ պնդելով, թէ նման քայլեր յոյժ կարեւոր պիտի ըլլան Թուրքիոյ համար:
Վերլուծաբանը նաեւ կը քննադատէ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ոչ մէկ հայազգի պատգամաւոր կայ, եւ յոյս կը յայտնէ, որ այդ սխալը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին կը սրբագրուի:
http://asbarez.com/arm/184099/
Leave a Reply