Ակնարկ. Անգարայի ձեռագիրն ու Օճալանի ստորագրութիւնը

«Ազդակ»-ի խմբագրականը

ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (միքստ մեսեճըզ) կը փոխանցէ ընթերցողին:

Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՛իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ ժողովուրդին  համեստաբար կ՛առաջարկէր, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով «մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն»: Եւ եթէ նամակի բովանդակութեան բնութագիրը ընդհանուր առումով խառն պատգամներով կարելի է բնորոշել, ապա այստեղ արդէն գրեթէ միանշանակ կը դառնայ հայութեան պայքարը ապալոպիիստականացնելու կոչը:

Այս պարզապէս ենթադրել կու տայ, որ Օճալանի նամակը ոչ թէ անպայման կը հերքէ իր քաղաքական դիւանի անդամին ամբաստանութիւնը, այլ պարզապէս կը փոխէ բուն ըսուելիքին ոճը:

Պարզ է, որ ըստ էութեան Օճալան ցեղասպանութիւնը ճանչնալով հանդերձ, իր արգելարանէն պիտի չխօսէր հատուցման կամ հիմնական առաջադրանքին Արեւմտահայաստանի մասին: Առաջադրանքը, ի վերջոյ, հակադրամատիրական պայքարի համահունչ բառապաշարի լիարժէք օգտագործումով Անատոլուի շրջանին մէջ տարբեր ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնն է: Մնացեալը, վիշտ, ցաւ, Ցեղասպանութիւն նոյնիսկ` դատապարտանքի ոլորտներուն մէջ մնալու յղացքային տեսութիւններ են, որոնք բնականաբար պիտի չհատեն Թուրքիոյ մասնատումին առաջնորդող ուղիներու սահմանները:

Ակնկալելը, որ «Արեւմտահայաստան» բառը ձեւով մը տեղ գտած ըլլար Օճալանի նամակին մէջ, քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չըլլար, մանաւանդ որ Քիւրտիստան բառն անգամ տեղ չունի այս գրութեան մէջ: Անգամ մը եւս կ՛ընդգծուի, որ ընդհանուր առաջադրանքը Անատոլուի մէջ հայերու, քիւրտերու, թուրքերու եւ այլազգիներու խաղաղ համագոյակցութիւնն է:

Առաջադրանքային այս տեսութիւնը հեռու չէ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութենէն: Ցեղասպանութիւն բառը պէտք չէ հեռացնէ ընթերցողը Անգարայի քաղաքականութեան տեսադաշտէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան դատապարտանքն ու անոր յիշատակի ոգեկոչումը եւս հեռու չեն Թուրքիոյ պաշտօնական յայտարարութիւններուն բովանդակութենէն:

Այս նամակը Տինքի սպանութեան առիթով հրապարակելի էր: Անոր հրապարակման շուրջ երկշաբաթեայ ուշացումը արագօրէն մտածել կու տայ գրաքննութեան մասին: Պետական կիսաարհեստավարժութեան մասին է խօսքը թերեւս: Իշխանութիւնները կրնային ամէն ինչ բանաձեւել, յետոյ հրապարակել: Ուշացումը ինքնին, արտօնութիւն տալու-չտալու խաղին ծառայեցուող երեւոյթ իբրեւ կրնայ մեկնաբանուիլ, ստեղծելով այն խաբկանքը, որ որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք է միայն, որ նամակը յայտնուած է հանրութեան ուշադրութեան:

Արգելափակուած Օճալանը պատանդի կարգավիճակի մէջ է` Անգարայի ցուցմունքներով հեռակառավարելու քրտական շարժումները: Անգարան փորձ կը կատարէ, նոյն հանգամանքին օգտագործումով, հայկական կողմին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու: Անգարայի ձեռագիրին տակ ստորագրած է Օճալանը: Թէկուզ Ցեղասպանութեան մասին խօսելով:

http://www.aztagdaily.com/archives/172174

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ