Թուրքիա ի՞նչ ռազմավարութիւն պիտի որդեգրէ 2015-ին

Լրագրող Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ «Զաման»-ի անգլերէն տարբերակի «Թըտէյ Զաման»-ի մէջ վերի խորագրի ներքեւ ունի յօդուած մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ:

Կարգ մը զարգացումներ նկատի ունենալու պարագային կարելի է որոշ պատկերացում մը կազմել այն ռազմավարութեան ու քայլերու մասին, զորս պիտի որդեգրէ Էրտողանի կառավարութիւնը «Հայոց ցեղասպանութեան» 100-ամեակի հարցի շուրջ։

Արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու հոկտեմբերին Զուիցերիա այցելեց ու թրքական իշխանութեանց անհանգստութիւնները փոխանցեց Ժընեւի մէջ զետեղուելիք ցեղասպանութեան յուշարձանի մասին։ Այս «անհանգստութենէն» կրնանք հասկնալ, որ Արտաքին նախարարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած 1915-ի դէպքերու առընչութեամբ։

Պէտք է նշել, որ փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչ 2015-ի մասին յայտնեց. «Թէ Տարտանէլի եւ թէ Հայոց ցեղասպանութեան մը մասին պնդումներուն 100-ամեակն է։ Մենք լրջօրէն կ՚աշխատինք։ Գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու, կլոր սեղաններու, հրատարակութեանց եւ վաւերագրական ժապաւէններու ճամբով աշխատանք կը տարուի։ Սակայն ձեռնարկած ենք հասարակական խիստ յատուկ դիւանագիտական աշխատանքներու, որոնք կրնան ազդել ամբողջ աշխարհի վրայ»։

Արընչի յայտարարութիւնը եւս ցոյց կուտայ, որ կառավարութիւնը բաւական վճռակամ է այս հարցով պետական պաշտօնական քաղաքականութեանց հանրածանօթ «քլիշէ»ները կրկնելու։

Ինչպէս գիտէք, մեր քաղաքական կուսակցութիւնները որեւէ հարցի շուրջ չեն կրնար համաձայնիլ, սակայն կը թուի, թէ բացի Պէ Տէ Փէ կուսակցութենէն, բոլորն ալ համաձայն են, որ բան մը պէտք է ընել 2015-ի համար։ Ա Գէ Փէ կուսակցութենէն, Ճէ Հէ Փէ-էն ու Մէ Հէ Փէ-էն անդամներ Խորհրդարանի մէջ հաւաքուեցան ու քննարկեցին «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն» դէմ դնելու հարցերը, եւ բոլորն ալ համամիտ գտնուեցան, որ պէտք է պայքարիլ այդ պնդումներուն դէմ։ Եւ որովհետեւ հարցը հայոց ցեղասպանութեան կը վերաբերի, անոնք անմիջապէս եւ դիւրին կերպով համախոհութիւն մը գոյացուցին։

Թուրքիոյ Պատմութեան հիմնարկը եւս 2015-ի համար պատրաստութիւններ կը տեսնէ։ Հիմնարկի նախագահը յայտնեց, որ իրենք աշխատանք կը տանին հայ-թրքական յարաբերութեանց ամբողջական պատճէն պատրաստելու ուղղութեամբ։

Այս բոլորի կողքին Էրտողանի խօսակցութեանց մէջ յստակօրէն կրնաք տեսնել, որ իր մօտ ոչ միայն հաշտութեան կարելիութիւը ամբողջովին չքացած է, այլ անոր խօսակցութեան մէջ ոչ իսլամներու մասին անդրադարձեր գոյութիւն չունին։ Վարչապետը յաճախ Թուրքիան տարբեր էթնիք ինքնութիւններէ բաղկացեալ խճանկար մը կը նկատէ, յաճախ կը մատնանշէ արաբները, քիւրտերը, թուրքերը, չէրքէզները եւ լազերը, սակայն այս խճանկարը նկարագրելու ընթացքին Էրտողան երբեք Թուրքիոյ ոչ իսլամները, ներառեալ հայերը, յոյները, հրեաները եւ ասորիները չի նշեր։

Վերոյիշեալ կէտերու եւ կառավարութեան ու Էրտողանի խօսքերու լոյսին տակ կրնաք նախատեսել, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ պաշտպանողական կեցուածքը պիտի չփոխուի։

Այլ խօսքով` թէեւ 1915-ի հարցով խօսքի ազատութեան մէջ նկատառելի բարելաւումներ արձանագրուած են, սակայն Թուրքիոյ պատմութեան սեւ էջերուն վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեսնելը անհաւանական է։

Թարգմանությունը` «Մարմարա»-ի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ