Տրապիզոնի նախկին կուսակալ Եավուզ Տէմիր. «Եթէ լուր ունենայի, կը կանխէի Տինքի սպանութիւնը»

ՄԱՐՄԱՐԱ

Հիւսէյին Եավուզտէմիր անուն անձը, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարիներուն Տրապիզոնի Կուսակալ էր, յայտնեց որ ոչ Ապահովութեան տնօրէնութեան, ոչ ալ Ոստիկան զօրաց կողմէ իրեն տեղեկութիւն տրուած է Տինքի դէմ կազմակերպուած սպանութեան դէպքի մասին։ Եավուզտէմիր յայտնեց, որ եթէ իրեն փոքրիկ նշան մը տրուած ըլլար, ինք կը կանխէր այդ սպանութիւնը։ «Իսթանպուլի կուսակալին անձնական նամակ մը կը գրէի եւ կը խնդրէի, որ ան հարկաւոր միջոցները ձեռք առնէր։ Այն ատեն Իսթանպուլի կուսակալը կը ստիպուէր կանխել դէպքը»,- ըսաւ Եավուզտէմիր` հետեւեալը շարունակելով. «Քանի որ որեւէ տեղեկութիւն չտրուեցաւ ինծի, կը խորհիմ, թէ այս գործի ետին պետութեան մէջ պետութիւն կազմակերպութիւնը կայ։ Եթէ պետութեան կուսակալէն կարգ մը բաներ կը գաղտնուին, կը նշանակէ, որ շատ վտանգաւոր կացութիւն եւ յետին նպատակ կայ այս գործին մէջ։ Ուստի պէտք է այս դէպքերը հանրապետութեան դատախազներուն կողմէ պրպտումի նիւթ դառնան»։

Իր այս մտածումներու հիման վրայ Եավուզտէմիր շեշտեց, որ պետութեան մէջ ներթափանցած եւ պետութեան համազօր իրաւասութիւններով գործող ուժերը մեկուսացնել դիւրին չէ։ Այդ ուժերը մեկուսացնելու համար երկար ժամանակ պէտք է։ Առաջին հերթին պէտք է պաշտօնազրկել բարձրագոյն դիրքերու վրայ բոյն դրած պատասխանատուները։ Պէտք է ձեռք անցընել այդ խմբակներու ձեռքը անցած սպառնալիքի ծառայող փաստաթուղթերը։ Որովհետեւ պաշտօնազրկուող անձեր, երբ պաշտօնէ հեռացուին, կրնան իրենց հետ տանիլ կարգ մը փաստաթուղթեր եւ յետագային զանոնք գործածել մութ նպատակներու համար։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ