Նոր գիրք մը հին հարցի մը մասին. Սուլթան Համիտի դէմ սարքուած մահափորձին ներքին ծալքերը

Sultan II. Abdülhamid suikastiՍուլթանը պիտի սպաննէին, որպէսզի միջազգային շրջանակներէն զօրակցութիւն ստանային անկախ Հայաստանի հիմնումին համար

Սուլթան Ապտիւլհամիտի դէմ կազմակերպուած էին բազմաթիւ մահափորձեր, բայց ասոնցմէ ամէնէն ազդեցիկն ու լուրջը այն մէկն էր, որ ռումբ մը պայթեցնելու կերպով կատարուեցաւ 21 յուլիս 1905` ուրբաթ օր, Եըլտըզի մզկիթի առջեւ։ Այս մահափորձի ընթացքին թէեւ Ապտիւլհամիտ փրկուեցաւ, բայց 23 հոգի մեռաւ, 58 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Մահափորձէն վերջ Սուլթան Համիտին իսկ հրահանգով կազմուած քննիչ յանձնախումբ մը բոլոր մանրամասնութիւններով մէջտեղ հանեց, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞նց կողմէ կազմակերպուած էր այս մահափորձը։ Քննութեան աւարտին պատրաստուեցաւ հազար էջերէ բաղկացեալ տեղեկագիր մը։ 89 էջէ բաղկացեալ ուրիշ տեղեկագիր մըն ալ, զանազան լեզուներու թարգմանուելով, ներկայացուեցաւ օտար պետութիւններու ուշադրութեան, որպէսզի անոնք ալ գիտնան, թէ ինչեր կային այս մահափորձին ետին, թէ իրականութեան մէջ ինչ նպատակներ կը հետապնդեն այն «կոմիտէ»ները, որոնք կը յարձակին Օսմանեան հաստատութիւններու վրայ։

Արդ, Իսթանպուլի մայր քաղաքապետութեան մշակոյթի կեդրոնը պատրաստեց գիրք մը, որուն նիւթն է վերոյիշեալ տեղեկագիրը ու մահափորձին թաքուն կէտերը։ Գիրքը պատրաստուած է փրօֆ. Հալուք Սէլվիի կողմէ եւ կը կրէ «Մահափորձ՝ սուլթանին» անունը։ Գիրքին հեղինակը այս մահափորձը կը ներկայացնէ այնպիսի փաստաթուղթերով, որոնք ցարդ ոչ մէկ տեղ հրատարակուած են։ Եւ այս բոլորին մէջ կայ նաեւ Հայերուն անունը։ Ըստ վերոյիշեալ գիրքին` 1890ական թուականներուն ահաբեկիչներուն բուն նպատակն էր օսմանցի սուլթանը սպաննել եւ խառնակութիւններ ստեղծել Իսթանպուլի մէջ եւ օտար երկիրներէն ապահովել անկախ Հայաստան մը հիմնելու զօրակցութիւն։

 Գրեթէ բոլոր ժամանակակից պետութիւններուն եւ նոյնիսկ ներքին ընդդիմադիրներուն հասարակաց նպատակն էր մէջտեղէն վերցնել Սուլթանը։ Գիրքին մէջ հրատարակուած են ականատեսներու վկայութիւններ եւ խոստովանութիւններ, որոնք ցոյց կուտան թէ ինչպէս կազմակերպուած էին Օսմանեան շրջանի ահաբեկիչները, եւ թէ ինչպէս կ՚աշխատէին անոնք։

«Մահափորձ՝ սուլթանին» գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ։ Առաջին բաժնին մէջ կը պատմուի Հայերուն կացութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, Ապտիւլհամիտի շրջանի կեանքի պայմանները, հայկական ահաբեկչութիւնը եւ Ապտիւլ Համիտի դէմ կազմակերպուած մահափորձը։ Երկրորդ բաժնին մէջ կը խօսուի պատրաստուած տեղեկագրին մասին։ Երրորդ բաժնին մէջ ալ տեղեկագրին զանազան թարգմանութիւններուն տեղ տրուած է։

 http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ