Աբոյին նամակը կապ ունի Փարիզի մէջ տարի մը առաջ իրականցուած ահաբեկչութեան հետ
Գաղտնիք չէ որ Օճալանի հայութեան ուղղուած բաց նամակը «Վերէն» թելադրուած նամակ է:
Կը մնայ հարցումը. ի՞նչու հիմա եւ ի՞նչու այս հանգրուանին:
Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Քիւրտերուն համար նոր նշանակալից հանգրուան մը բացուած է: Եւ այդ հանգրուանը կրնայ տանիլ մէկ տեղ՝ լարել հայ-քրտական առանց անոր ալ ոչ յստակ հունի մէջ եղող յարաբերութիւնները, քիւրտերը վերածել վառօդի ու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին օգտուիլ այդ վառօդէն:
Հրավառութիւն ընել:
Քիւրտիստանի ազատագրութեան կազմակերպութեան (PKK) ներկայացուցիչ Պէսէ Հօզաթ Փարիզի մէջ 22 յունուար 2013 ահաբեկուած Սաքինա Ճանսըզի (արմատներով հայ), Լէյլա Սոլեմեզի եւ Ֆիտա Տողանի սպաննութեան Ա տարելիցին նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ հայ եւ յոյն հատուածները կը խանգարեն, որ քիւրտերը իրենց հարցերը լուծեն Թուրք իշխանութիւններուն հետ:Այս յայտարարաութիւնը մեծ աղմուկ կը ստեղծէ Թուրքիա բնակող այդ հատուածներուն մօտ, եւ լարուածութիւնը մեղմելու համար 1999-էն ի վեր ցմահ բանտարկութեան պատիժ ստացած ՔԱԿ- ի առաջնորդ Ապտալլա Օճալան բաց նամակ մը կը յղէ հայ ժողովուրդին:
Պէտք է նաեւ նկատել, որ քիւրտերու սրտի բանալին ցարդ կը գտնուի Աբոյին մօտ: Ան քիւրտերուն մօտ շարժում մը սկսելու բոլոր տուեալները ունի, ու անոր խօսքը տակաւին զօրեղ է:
Այս փոփոխութիւններուն մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կարեւոր դեր կը կատարեն: Միով բանիւ` պէտք է հասկնալ, որ անոնք բաւական անհանգիստ աչքերով կը սպասեն յառաջիկայ մարտին Ֆրանսայի մէջ հրապարակուելիք երեք քրտուհիններուն սպաննութեան թղթածրարի նախնական մեղադրագիրը:
Ասկէ անդին, երբ մելանը դեռ չէ չորցած Օճալանի` Էմրալը բանտէն Թուրքիոյ կառավարութեան Ցեղասսապութիւնը ճանչնալու կոչին կամ Հայութեան հանդէպ անոր հնչեցուցած գովասանական խօսքերուն վրայ, ան ինքզինք խաղ թելադրողի դերին մէջ կը դնէ:
Ինք կատարողն է ուրեմն: Իսկ Թուրքիան միակ թեալդրողը:
Սփիւռքի զանգուածները Քիւրտերուն հանդէպ վերապահ կեցուածք ունին: Այդ կեցուածքը զիջումներու առարկայ չէ: Տեղին չէ պատմել այդ խոր վէրքերուն մասին. որ մեր 1915-ի պատմութեան ամէնէն մութ էջերն են, ուր ընտանեկան ծառին մէջ անպայման պիտի քեռի մը, հօրեղբայր մը, մեծ հօր եղբայր մը կամ հարսքոյր մը կախուած, ջրամոյն եղած, սրախողխոխ դարձած են նոյն քիւրտ «հարեւաններուն» կողմէ: Այս բոլորին մասին կարիք չկայ ամէն անգամ վերյիշելու, բայց չգրըել այս մասին, մոռնալ չի նշանակեր:
Օճալան լաւ գիտէ այս ամէնը ու գիտէ նաեւ, որ ինք թելադրուածի դիրքերէն է, որ բաց նամակներ կը յղէ:
Այս բոլորին վրայ պէտք է գումարել Աբոյին պատանդ ըլլալու իրականութիւնը, եւ անոր խօսքերը որեւէ պահու կրնան դրժուիլ ու փոխուիլ: Զարմանալի ալ չէ նաեւ, որ նոյն ՔԱԿ-ի ղեկավարը հայութեան հանդէպ քանի~-քանի~ անգամներ հակասական ու ժխտական կեցուածքներով հանդէս եկած է :Ըսած է խօսքեր, որոնք առնուազն պէտք է հերքուին:
Հիմա ի՞նչ ակնկալիքներ ունենալ Ապտալլա Օճալանի նամակէն: Բնականաբար` ոչ մէկ: Սակայն վտանգաւորը այն է, որ Թրքական հարթակին վրայ նոր ուժեղ գործօն մը կ’աւելնայ եւ այդ գործօնը ամէնէն աւելի հայութեան դէմ ուղղուած պիտի ըլլայ:
Բոլոր տուեալները այդ մասին կը մատնեն:
Քրտական այս նոր խաղը մէջտեղ կը բերուի պահու մը, երբ Թուրքիոյ բոլոր աւաններուն ու ամեանխուլ գիւղերուն մէջ իրենց ինքնութեան վերադաձող իսլամացուած, բայց արմատներէն չկտրուած հայերը կ’ուզեն վերադառնալ իրենց ինքնութեան: Անոնց պիտի փորձեն առկայ խաղին նոր կանոններ պարտադրել:
Այս գործօնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ մասնակիցները միայն խօսքով չէ, որ պիտի մասնակցին դէպքերու ընթացքին: Անոնք ուժեղ են, որովհետեւ Նիւ Եորք չեն, Պէյրութ չեն, Փարիզ չեն, այլ կը գտնուին հողին վրայ:
Նամակներու այս հանգրուանին, երբ շատցած է բաց ու գոց նամակներ յղելը, կարեւոր է լաւ կարդալ Օճալանի այս նամակը, որ դրական տեղաշարժ ընելու ոչ մէկ միտում ունի: Եւ նամակին բովանդակութիւնէն մաս մը պիտի դրուի հայ-թրքական ընդհանուր նժարի մէկ ափին, իսկ միս բաժինը պիտի լեցնէ Թուրքիա-Ֆրանսա նժարին միւս ափը:
Akunq.net
Leave a Reply