Թոպիրա. «Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր ժխտումներուն դիմակայման արթնութիւն ունենալու պարտաւորութիւնն ունինք»

Քրիսթիան ԹոպիրաՖրանսայի արդարադատութեան նախարար Քրիսթիան Թոպիրա 29 յունուարին Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Մենք այս ողբերգութեան…այս ցեղասպանութեան բոլոր ժխտումներուն դիմակայման արթնութիւն ունենալու պարտաւորութիւնը ունինք: Այդ է պատճառը, որ կառավարութիւնը, հանրապետութեան նախագահին ստանձնած յանձնառութեանց համահունչ, աշխատանք կը տանի սահմանադրութեան եւ Ֆրանսայի եւրոպական ու միջազգային յանձնառութեանց համահունչ արդարադատական միջոցառումի մը վրայ»:

Ան իր խօսքին աւարտին մեծարած է ֆրանսական դիմադրութեան անդամներէն Միսաք Մանուշեանն ու անոր զինակիցները եւ նշած, որ մահապատիժի գործադրութեան պահուն անոնք «Կեցցէ՛ Ֆրանսան» գոչեցին: «Շնորհիւ անոնց, շնորհիւ ձեզի, այս գիշեր կրնամ յայտարարել. «Կեցցէ՛ Հայաստանն ու Կեցցէ՛ Ֆրանսան», ըսած է նախարարը:

http://www.aztagdaily.com/archives/171786

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ