ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը չորեքշաբթի, յունուար 29ի յետմիջօրէին միաձայնութեամբ վաւերացուց նահանգի դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու եւ անոնց մէջ նաեւ վերապրողներու բանաւոր վկայութիւնները ներառելու մասին բանաձեւը:
Խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի առաջադրած «AB 659» բանաձեւը այժմ պէտք է վաւերացուի նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:
Բանաձեւը խորհրդարանին կողմէ միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ հակառակ թրքական կողմին բանեցուցած ճնշումներուն:
«Բանաձեւին միաձայնութեամբ վաւերացումը զօրաւոր պատգամ մըն է, թէ կարելի չէ գնել Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներուն քուէները կամ ճնշում բանեցնել երեսփոխաններուն վրայ, ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը ուրանալու նպատակով: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Նազարեանին եւ (Խաչօ) Աշաճեանին՝ Ցեղասպանութեան դասաւանդման այս կարեւոր նախագիծը առաջ մղելու իրեն աշխատանքին համար եւ կ՛ակնակալէ, որ գոործակցութիւնը շարունակուի, նահանգային Ծերակոյտին մէջ եւս բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան:
Իր կարգին, Նազարեան դրուատած էր իր պաշտօնակիցները, որոնք ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերած են ու ապահոված են բանաձեւին վաւերացումը, միաժամանակ յայտնելով, թէ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի բնանաձեւը նաեւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացնելու նպատակով: Ան յոյժ կարեւոր նկատած է վերապրողներու վկայութիւնները դասաւանդումներուն մէկ մաս դարձնելու առաջարկը: «Եթէ կ՛ուզենք ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխել, ապա պէտք է բարելաւենք ու զօրացնենք անցեալի ցեղասպանութեանց մասին դասաւանդումը», ըսած է Նազարեան:
Նազարեանի կողքին, բանաձեւը համահեղինակած են հետեւեալ խորհրդարանականները՝ Խաչօ Աշաճեան, Սթիւ Ֆասք, Մայք Կաթօ, Սքաթ Ուիլք, Շերըլ Պրաուն եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուայլենքտ: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած են նաեւ խորհրդարանականներ Թիմ Տանըլի եւ Տայէն Հարքի:
Գլխաւոր համահեղինակը հանդիսացող Աշաճեան իր ելոյթին մէջ կոչ ըրած է միաձայնութեամբ վաւերացնելու, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը կառուցելու համար անցեալէն դասեր քաղելու առաջնորդող այս բանաձեւը աւելի ազդու ըլլայ:
Նշենք, որ Յունուար 23ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնախումբը եւս միաձայնութեամբ (16-0) վաւերացուցած էր բանաձեւը, իսկ Յունուար 15ին՝ խորհրդարանի Կրթական հարցերով յանձնախումբը նման քայլ մը առած էր:
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութեանց ուսուցումը նահանգային դպրոցական ծրագիրներուն մէջ (7-12 դասարաններ) ներառելու մասին բանաձեւը Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուելէ ու նահանգապետին կողմէ ստորագրուելէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն բանաւոր վկայութիւնները մաս պիտի դարձնէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեանց: Անիկա նաեւ պիտի ընդարձակէ այլ ցեղասպանութեանց դասաւանդումները:
Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւնը՝ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը (GenEd), պատրաստած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող ուսուցիչներուն յատուկ դասանիւթեր: Այս բանաձեւին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ այդ դասանիւթերու օգտագործումը ընդարձակել, որպէսզի ապագայ սերունդները աւելի լաւ ձեւով ծանօթանան Հայոց Ցեղասպանութեան ծալքերուն:
«Այս բանաձեւը կը յիշեցնէ կրթական մարզի պաշտօնատարներուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեանց դասաւանդումը պէտք է մէկ կարեւոր մասնիկը դառնայ պատմութեան, ցեղասպանութեանց ու մարդկային իրաւանց դասաւանդումներուն», կը յայտնէ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի պատասխանատուներէն Ռոքսեն Մաքասճեան:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակող բանաձեւը
•
Leave a Reply