«ԱԿՕՍ», 31 Յունուար 2014 – ՓՔՔ-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալան Իմրալըի բանտէն ՊՏՓ-ի պատգամաւոր Սըրրը Սիւրէյեա Էօնտէրի միջոցաւ «Ակօս»ի ուղարկած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Հակառակ դժուար պայմաններուս` շարունակել ջանացած խաղաղութեան որոնումներս ոչ մէկ ժողովուրդի ի վնաս են ու պիտի ըլլան»։
Ստորեւ Էօճալանի նամակը՝ թարգմանուած.
Միջագետքի եւ Անատոլուի հնագոյն ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր շարունակուող միջհասարակական յարաբերութիւնները վերջին երեք դարերու ընթացքին մեծ վերիվայրումի մը մէջն են։
Յատկապէս դրամապաշտ արդիականացման եւ անոր մեհեանը հանդիսացող ազգային պետութիւններու սրսկած թոյնի պատճառաւ այս հողերը համարեա՛ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու գերեզմանատան վերածուեցան։ Միատարր ազգ ստեղծելու ծրագիրները Եւրոպայէն Ափրիկէ, Ասիայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Ամերիկա մարդկային բոլոր արժանիքները գահընկեց ըրած, բազմահազար տարիներու մշակութային ժառանգը եւ արժէքները ոչնչացուցած է։ Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան առաջին հասակ առած վայրերէն համարուող մեր հայրենի երկիրն ալ այս աղէտէն իր բաժինը աւելիովը ստացած է։ Մեր ժողովուրդներու միջեւ դաշոյնի մը նման մխրճուած ցեղապաշտ ազգային հոսանքները այս փորձանքի գաղափարական հիմքը կազմած են։
Տասնեակներով լեզու եւ մշակոյթ այս հրդեհին մէջ մոխիրի վերածուած, նոյնիսկ հնագիտական նմոյշ ըլլալով անգամ մեր օրերուն չեն կրցած հասնիլ։ Բազում ժողովուրդներ ցեղասպանութեան նման մարդկային յանցագործութիւններով փճացած, բազմաթիւ հաւատքներ եւ մշակոյթներ ճնշումներու բերմամբ անհետացած են։ Վերջին դարերուն արձանագրուած աղէտները մարդկութեան ենթարկուած ամենամեծ փորձանքներն են։ Թէեւ պատմութեան ընթացքին պատերազմներ եւ բախումներ միշտ ապրուած են, բայց այսօրուան նման մարդկութիւնը եւ բնութիւնը ոչնչացնելու միտող եւ մեծաւ մասամբ ալ յաջողած հակում մը չէր եղած։
Ահա հայ ժողովուրդին ուղղուած եւ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած ցեղասպանութեան ծրագիրն ալ այս նողկալի ռազմավարութեան ամենադաժան օրինակներէն է։ Հայ ժողովուրդին մատնուած իրավիճակը ցեղասպանութեան յստակ իրողութիւն մըն է։ Ի դէմ ցեղասպանութեան` հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է։ Այս հրաշքը անկասկած տանջուած հայ ժողովուրդի մեծ ջանքերուն ու պայքարին շնորհիւ իրականացած է։
Այսօր համայն աշխարհ պարտի հայ ժողովուրդի ենթարկուած պատմական իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ հայ ժողովուրդի սուգը բաժնել, վիշտը կիսել։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ խնդրին այս հասունութեամբ մերձեցումը եւ դառն պատմութեան հետ առերեսուիլը անխուսափելի է։
Հայ ժողովուրդին ալ համեստաբար կրնամ առաջարկել, որ, առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու, շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով մեր ժողովուրդները դեռ դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն։ Այսօր իրար հետ գիրկընդխառնուած են քիւրտ ժողովուրդի ազատութեան պայքարը եւ հայ ժողովուրդի վիշտերուն բուժումն ու հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ ըլլալով այս հողերու վրայ գոյատեւելու պայքարը։ Ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալու։
Այս շրջանակէն դիտելով` կրնանք ըսել, որ մենք ո՛չ միայն քիւրտ ժողովուրդին, այլեւ այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն ազատութեան համար կը պայքարինք։
Այս պատճառաւ է, որ հակաժողովրդավարական ուժերը ամէն առթիւ մեր առջեւ արգելքներ հանեցին` քրտական հարցը անլուծելի դարձնելու համար։
Ամէն անգամ, որ խաղաղասէր միջոցներու դիմեցինք, մեծ գրգռութիւններով ընթացքը խափանեցին։ Այս միջավայրը կը յենի երկու հիմնական ուժի վրայ՝ դրամ եւ ազգայնականութիւն։ Իսկ որպէս միջոց կ՚օգտագործեն մեծ դրամատէրերու լոպիները եւ համայնքանման կառոյցները։ Իրենց համար գետին կը ստեղծեն` պնդելով թէ ժողովուրդներու միջեւ դեռ անկատար հաշիւներ կան։ Մինչդեռ այս երկրի բնակիչ բոլոր հնադարեան ժողովուրդները այս հողերուն տէրն են, եւ իրենց միջեւ անբաժանելի ոչ մի բան կայ։ Քիւրտ, թուրք, արաբ, պարսիկ կամ հայ` բոլոր ժողովուրդները ստիպուած են իրենց միջեւ իրաւական հաւասարութեան մը յենող եղբայրական գիտակցութիւն մը ստեղծել։ Ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը անկարելի է մեր մշակոյթին յատկութիւնը համարել։ Ստիպուած ենք այդ ախտին մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը կանխել։ Այս ալ հազիւ իրաւ արդարութեան մը վրայ կառուցուած պատմական խաղաղութիւնով մը կարելի կ՚ըլլայ։ 2013-ի Նեվրոզին մեր կողմէ սկսած գործընթացն ալ հազիւ այս հասկացողութիւնով կայուն եւ իմաստալից կը դառնայ։
Ժողովուրդներու իսկական բարեկամը եւ հայ ժողովուրդի քաջարի որդին` Հրանդ Տինք ալ ահա այս կեղտոտ մտայնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ վերեւ նշուած նպատակին համար սպանուած է։ Այս նպատակաւ սպաննուած վերջին հայն ալ Ան է։
Դժուար պայմաններու տակ շարունակել կ՚աշխատիմ խաղաղութեան պայմանները որոնել։ Այս ջանքը ոչ մէկ ժողովուրդի ի վնաս կրնայ ըլլալ։ Իմ այս խօսքիս երաշխիքը մեր աւելի քան երեսուն տարուայ պայքարին ամէն պահուն դրոշմուած է արդէն։ Մենք երբ այստեղ բոլոր ժողովուրդներու ի նպաստ ջանք կը թափենք, մեզ ձախողեցնելու համար աշխատող բոլոր խորունկ, բացայայտ, զուգահեռ կառոյցներու, լոպիներու եւ համայնքանման կազմակերպութիւններու դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրեմ ձեզ։
Մեր քաղաքական բարոյական կեցուածքը մինչեւ այսօր օգտակար եղաւ, որ առանց շեղելու յառաջանանք մեր ճամբէն։ Ոչ ոք կասկածի, թէ յետայսու ալ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի պայքարիմ բոլոր ժողովուրդներուն համար։
Այս հիման վրայ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ սիրելի Հրանդ Տինքը եւ գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի` մեր բոլոր ժողովուրդներուն ողջուններս կը փոխանցեմ։
ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ԷՕՃԱԼԱՆ
Իմրալըի արգելանոց
Leave a Reply