Թուրքիոյ մէջ առաջին օրէն ի վեր, երբ կը խօսուէր քրիստոնեաներու մասին, կ՚ակնարկուէր յոյներուն, հայերուն եւ Թուրքիոյ այն միւս հաւաքականութիւններուն, որոնք թուրք չէին։ Բայց հիմա այլեւս երբ կը խօսուի քրիստոնեաներու մասին, թերեւս կ՚ակնարկուի թուրքերու, որովհետեւ թուրք հաւաքականութեան մէջ ալ կան մեծաթիւ անհատներ, որոնք քրիստոնէութիւնը ընդունիլ սկսած են։ Եւ դժուար չէ ենթադրել, որ քրիստոնեայ դարձած թուրքերը հաշտ աչքով չեն դիտուիր իրենց շրջանակներուն, մանաւանդ իրենց ընտանիքին միւս անդամներուն ու ազգականներուն կողմէ։ Անոնք նոյնիսկ ծանր յարձակումներու կրնան ենթարկուիլ։
Այսպիսի նոր դէպք մը պատահեցաւ Մարտինի մէջ։ Տ. Կ. անուն թուրք երիտասարդ մը , որ անցեալ տարի կրօնափոխ ըլլալով քրիստոնեայ դարձած էր, Կաղանդէն երկու օր առաջ առեւանգուեցաւ իր ընտանիքին անդամներուն կողմէ։ Զինքը առեւանգողները դաշոյն մը դրին կոկորդին վրայ ու պահանջեցին, որ ան ետ դառնայ ու ընդունի մահմետականութիւնը։ Ան ալ վախցաւ ու ընդունեց։ Բայց լուրը տարածուեցաւ, ու այդ շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջնորդ Է. Փ. շարժման անցաւ Տ. Կ.-ն փրկելու համար։ Երբ այդ նպատակով եկաւ ու Տ. Կ.-ն ալ հետը առնելով կառք նստաւ, շրջապատուեցաւ անծանօթներու կողմէ, ու երկուքն ալ ծեծի ենթարկուեցան։ Ոստիկանները հասան ու երկու քրիստոնեաները փրկեցին նախայարձակներու ձեռքէն, բայց մահուան սպառնալիքի վտանգը կը շարունակուի ու անոնք կը գանգատին, որ ոստիկանական պաշտպանութեան տակ իսկ առնուած չեն։
Այս առիթով դիտել տրուեցաւ, որ քրիստոնեայ թուրքերու վրայ զանազան յարձակումներ գործուած էին անցեալ տարուան ընթացքին ալ։ Քրիստոնեայ դարձած թուրքերը ո’չ պաշտամունքի ազատ հանգստութիւն ունին, ո’չ ալ մանաւանդ կեանքի ապահովութիւն։
Նշենք, որ այստեղ երբ քրիստոնեայ կ՚ըսուի, կը հասկցուին բողոքականները, որոնց թիւը բազմանալ սկսած է թուրք շրջանակներէ ներս։ Բողոքական եկեղեցիներու միութեան կողմէ 2013 թուականի համար պատրաստուած Մարդու իրաւունքներու տեղեկագրին մէջ յիշուած են հետեւեալ պատահարները.
*14 յունուար 2013։ Ըսուեցաւ, որ Իզմիթի Բողոքոկան եկեղեցիին առաջնորդին դէմ մահափորձ պիտի սարքուէր, այս պատճառաւ հսկողութեան տակ առնուեցան եկեղեցական ժողովներուն մասնակցող 9 հոգի, մէկը ձերբակալուեցաւ։ Հակառակ որ տարի մը անցաւ, անոր դէմ տակաւին դատ չէ բացուած։
*26 մարտ։ Եալովայի Ըշըք անուն եկեղեցին Զատիկի նախօրեակին երեք օրուան տաղաւար մը բացաւ քրիստոնէութեան մասին ժողովուրդին տեղեկութիւն տալու համար։ Բայց երկրորդ օրը զանազան անձեր հակազդեցութիւն ցոյց տուին, եւ միութեան ղեկավարները ապահովութեան տնօրէնութիւն կանչուեցան։ Վերջն ալ, այն պատրուակով թէ 30 մարտին վարչապետը պիտի այցելէ քաղաք, պահանջուեցաւ, որ տաղաւարը վերցուի։
*12 ապրիլ: Տիյարպաքըրի բողոքական եկեղեցին, որպէսզի սրբագրէ ժողովուրդին մօտ քրիստոնէութեան մասին առկայ սխալ տեղեկութիւններն ու նախապաշարումները, տաղաւար մը բացաւ թաղամասին մէջ։ Բայց կարգ մը անձեր յարձակեցան քրիստոնեաներուն վրայ եւ սպառնալիքներ ըրին` ըսելով. «Արիւն պիտի հոսի, վերցուցէք այս տաղաւարը»։ Այնուհետեւ տաղաւարը վերցուեցաւ։
*27 ապրիլ: Գուրթուլուշ անուն եկեղեցիներու միութեան Աթաշէհիրի ներկայացուցիչներու կեդրոնին վրայ 30-40 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը ցուցարարներ քարերով եւ հաւկիթներով յարձակեցան։
*5 մայիս: Սամսունի Ակաբէ անուն եկեղեցւոյ Միութեան շէնքին առջեւ բացուած գիրքի տաղաւարը ենթարկուեցաւ 10 երիտասարդներու յարձակման։ Նախայարձակները, Աստուածաշունչերը պատառ պատառ ընելով, փողոց նետեցին։
*5 նոյեմբեր: Սամսունի Ակաբէ անուն եկեղեցւոյ առաջնորդը վերջին անգամ եկեղեցւոյ ժողովներու մասնակցող երիտասարդի մը կողմէ հեռաձայնով սպառնալիքի ենթարկուեցաւ։ Բայց հսկողութեան տակ առնուող երիտասարդը շուտով ազատ արձակուեցաւ։ Սպառնալիքները այսօր ալ կը շարունակուին։
*28 նոյեմբեր: Զիրվէ հրատարակչատան սպանդի ականատես անձ մը սպառնալիքներու ենթարկուեցաւ եւ գանգատ ներկայացուց։ Նոյն օրը Անգարայի Գուրթուլուշ անուն եկեղեցւոյ առջեւ մէկը պոռալով եւ հայհոյելով եկեղեցի մտնել ուզեց։ Ոստիկանները ուշացան, եւ այդ պատճառաւ կարելի չեղաւ ձերբակալել նախայարձակը։
*15 դեկտեմբեր: Անգարայի Գուրթուլուշ անուն եկեղեցիէն ներս գող մը մտաւ եւ գողցաւ այն համակարգիչը, որուն մէջ ապահովութեան արձանագրութիւններ կային։
Նոյն թուականին Անգարայէ, Իսթանպուլէ, Ուրֆայէ եւ Կազիանթէպէ հասան լուրեր, որոնք կը խօսէին սպառնալիքի եւ յարձակումներու մասին։
Տիյարպաքըրի Բողոքականաց եկեղեցին եւ Կէտիկփաշայի Հայ բողոքականաց եկեղեցին դիմում կատարեցին, որպէսզի գործածեն Տիյարպաքըրի մէջ վերանորոգութեան ենթարկուած հայկական Սուրբ Փրկիչ բողոքական եկեղեցին։ Բայց այս դիմումին համար ստացուեցաւ բերանացի ժխտական պատասխան։ Եկեղեցին այնուհետեւ Սուրի նահանգապետութեան յանձնուեցաւ, որպէսզի հոն կիներու համար ձեռական աշխատանքի դասաւանդութիւն կատարուի։
*Գայսէրիի Մայր Քաղաքապետութեան կողմէ գործածուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին համար դիմում կատարուեցաւ, որպէսզի հոն պաշտամունք կատարուի։ Բայց պատասխան չստացուեցաւ։
*Գուրթուլուշ Եկեղեցիներու միութիւնը երկար տարիներէ ի վեր Չանգայայի քաղաքապետութեան դիմում կը կատարէ, որպէսզի պաշտամունքի տեղ մը յատկացուի, բայց այս տարի եւս արդիւնք չստացուեցաւ։ Առաջարկուած երկու տեղերէն մէկը արդէն մզկիթի վերածուեցաւ։ Իսկ երկրորդին համար ըսուեցաւ, որ ան կը պատկանի պետական գանձին։
*Կիւնկէօրէնի Բողոքականաց եկեղեցին քաղաքապետութեան գրաւոր դիմում կատարեց, որպէսզի պաշտամունքի տեղ մը ունենան։ Իշխանութիւնները չուզեցին այդ դիմումը ընթացքի մէջ դնել։ Ըսին, որ քաղաքապետութիւնը քաղաքական հիմնարկ է եւ այսպիսի հարցով չի կրնար զբաղիլ։ Բայց եկեղեցւոյ առաջնորդը պնդեց, եւ այն ատեն դիմումը ընթացքի մէջ դրուեցաւ, ղրկուեցաւ, որպէսզի Կրօնից տեսչութիւնը կարծիք յայտնէ այս մասին։ Մարտ 2013-ին արդէն եկաւ ժխտական պատասխան։
*Բազմաթիւ օտարահպատակ Բողոքականներու խումբեր սպառնալիքներու տակ մնացին, չկրցան վերանորոգել իրենց բնակութեան արտօնագիրները կամ ենթարկուեցան երկրէն հեռանալու ճնշումներու։
Leave a Reply