Լիբանանի կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած դրոշմաթուղթ պիտի հրապարակէ

Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած ԴրոշմաթուղթՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանեան «Տը Տէյլի Սթար» թերթը կը հաղորդէ, որ Հայոց  Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած դրոշմաթուղթ մը պիտի հրապարակուի Լիբանանի մէջ: Այդ մասին երէկ յայտարարած է Լիբանանի հեռահաղորդակցութեան նախարար Նիքոլա Սեհնաուի:
«Լիբանանի մէջ կը գտնուի շուրջ 200 հազարնոց հայկական մեծ համայնք, որուն անդամները Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին կոտորածներուն պատճառով Օսմանեան կայսրութենէն գաղթած եւ պարտադիր տեղահանուած հայերու ժառանգորդներն են: Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, 2013ի ապրիլին աւելի քան 10 հազար հայ համախմբուած էր Պէյրութի կեդրոնը՝ ոգեկոչելու 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցը», կը գրէ «Տը Տէյլի Սթար»:
Դրոշմաթուղթին վրայ նկարուած է Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանը. անիկա հրապարակ պիտի հանուի յաջորդ մէկ ամսուան ընթացքին:

http://asbarez.com/arm/183649/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ