«Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ»

Կազմակերպութեամբ Անգարայի Մտքի ազատութեան աախաձեռնութեան եւ Արեւմտահայոց ազգային համագումարին 2014թ. Յունուար 18-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Ալպա Անգարա հիւրանոցին մէջ կայացած է Թուրքիոյ մտաւորականութեան ֆորում մը։

«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ 2015-ի հեռանկարին» խորագրով իրենց մասնակ­ցութիւնը բերած եւ ելոյթներ ունեցած են Թուրքիոյ մտաւորականութեան տարբեր շրջանակներ ներկայացնող՝ ազգութեամբ հայ, ասորի, ալեւի, թուրք եւ քիւրտ մօտ երեք տասնեակ հանրայայտ ակադեմականներ, պատմաբաններ, իրա­ւաբաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ:

Ոգեկոչական ֆորումի աւարտին, «Անգարայի Մտքի ազատութեան նախա­ձեռ­նութեան» խօսնակ Սայիթ Չէթինօղլու հրապարակած է մասնակիցներուն կողմէ ստորագրուած եզրափակիչ յայտարարութիւն մը՝ «Առաջարկներ 1915-ի Ցեղա­սպա­նութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ» վերնագրով:

Յայտարարութիւնը կ՚ըսէ, թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին ցեղասպանութիւնէն տուժած ժողովուրդները իրենք պիտի որոշեն, թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէն ի՞նչ ձեւով ինչե՞ր պիտի պահանջուին: Մեր պարտքն է անվերապահօրէն այս պահանջատիրութեան նեցուկ կանգնիլ: Ստորեւ նշուած առաջարկները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւնէն տուժածներու վերաբերեալ իրականացուելիք խորհրդանշա­կան եւ սկզբունքային նուազագոյն «ժեսթ»երուն յանձնարարութիւններ են»:

Յայտարարութիւնը, ապա, կը ներկայացնէ առաջարկներ` հետեւեալ գլուխներով.

1)        Ճանաչում, ներողութիւն եւ հատուցում

2)       Վերջ տալ Ցեղասպանութեան ժխտման գործողութիւններուն

3)       Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն

4)       Վերադարձ եւ վերաբնակեցում

5)       Հասանելի ընել կալուածագրերու արխիւը եւ վերջ տալ գործող սահմանափակումներուն

6) Հասանելի դարձնել  Օսմանեան արխիւները, ներառեալ՝  Զինուած ուժե­րու արխիւը

7) Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում

8) Քաղաքական եւ առեւտրային հաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուած գոյքեր

9) Դեռեւս պետութեան տրամադրութեան տակ գտնուող գույքեր

10) Ձեռք դրուած կանայք եւ որբեր

11) Հաւաքական պատասխանատուութիւն.

12) Բոլոր տուժածները

Ժողովականներու առաջարկով աւելցուած այս վերջին կէտը կ՚ըսէ. «Սոյն սպասումները եւ պահանջները կը ներառնեն նաեւ հայրենազրկուած ասորինե­րուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ հէլէններուն իրաւունքները»։

ԱԿՈՒՆՔ                        

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ