Կազմակերպութեամբ Անգարայի Մտքի ազատութեան աախաձեռնութեան եւ Արեւմտահայոց ազգային համագումարին 2014թ. Յունուար 18-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Ալպա Անգարա հիւրանոցին մէջ կայացած է Թուրքիոյ մտաւորականութեան ֆորում մը։
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ 2015-ի հեռանկարին» խորագրով իրենց մասնակցութիւնը բերած եւ ելոյթներ ունեցած են Թուրքիոյ մտաւորականութեան տարբեր շրջանակներ ներկայացնող՝ ազգութեամբ հայ, ասորի, ալեւի, թուրք եւ քիւրտ մօտ երեք տասնեակ հանրայայտ ակադեմականներ, պատմաբաններ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ:
Ոգեկոչական ֆորումի աւարտին, «Անգարայի Մտքի ազատութեան նախաձեռնութեան» խօսնակ Սայիթ Չէթինօղլու հրապարակած է մասնակիցներուն կողմէ ստորագրուած եզրափակիչ յայտարարութիւն մը՝ «Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ» վերնագրով:
Յայտարարութիւնը կ՚ըսէ, թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին ցեղասպանութիւնէն տուժած ժողովուրդները իրենք պիտի որոշեն, թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէն ի՞նչ ձեւով ինչե՞ր պիտի պահանջուին: Մեր պարտքն է անվերապահօրէն այս պահանջատիրութեան նեցուկ կանգնիլ: Ստորեւ նշուած առաջարկները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւնէն տուժածներու վերաբերեալ իրականացուելիք խորհրդանշական եւ սկզբունքային նուազագոյն «ժեսթ»երուն յանձնարարութիւններ են»:
Յայտարարութիւնը, ապա, կը ներկայացնէ առաջարկներ` հետեւեալ գլուխներով.
1) Ճանաչում, ներողութիւն եւ հատուցում
2) Վերջ տալ Ցեղասպանութեան ժխտման գործողութիւններուն
3) Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն
4) Վերադարձ եւ վերաբնակեցում
5) Հասանելի ընել կալուածագրերու արխիւը եւ վերջ տալ գործող սահմանափակումներուն
6) Հասանելի դարձնել Օսմանեան արխիւները, ներառեալ՝ Զինուած ուժերու արխիւը
7) Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում
8) Քաղաքական եւ առեւտրային հաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուած գոյքեր
9) Դեռեւս պետութեան տրամադրութեան տակ գտնուող գույքեր
10) Ձեռք դրուած կանայք եւ որբեր
11) Հաւաքական պատասխանատուութիւն.
12) Բոլոր տուժածները
Ժողովականներու առաջարկով աւելցուած այս վերջին կէտը կ՚ըսէ. «Սոյն սպասումները եւ պահանջները կը ներառնեն նաեւ հայրենազրկուած ասորիներուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ հէլէններուն իրաւունքները»։
ԱԿՈՒՆՔ
Leave a Reply