Հայաստան կը շարունակէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու արշաւը

ՄԱԿԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը իր 22րդ նստաշրջանին ընթացքին վաւերացուցած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ առաջադրուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը. այս մասին նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած 2013ի իրագործումներու տեղեկագիրին մէջ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ կը շարունակուին աշխատանքներ իրականացուիլ՝ ի կատարումն Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներու կազմակերպման պետական յանձնաժողովի ստեղծման մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրին:
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխոյժ աջակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին կապակցութեամբ՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ վաւերացուած են ոգեկոչման եւ յիշատակի հարիւրաւոր միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած են խորհրդաժողովներ եւ ցուցահանդէսներ:

http://asbarez.com/arm/182965/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ