ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը համեմատած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց հետ:
Ըստ «Բերիոյ լուրեր»ու «Ֆէյսպուք»ի էջին՝ Ասատ Սուրիոյ տարածքին տեղի ունեցող անմարդկային ջարդերուն համար մեղադրած է Թուրքիան եւ ակնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան:
«Ժամանակակից պատմութեան մէջ օսմանցիները Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ տարածքին վրայ կոտորած են մէկ ու կէս միլիոն հայ եւ կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ», յիշեցուցած է Ասատ՝ շեշտելով, թէ Սուրիոյ տագնապէն կարելի է դուրս գալ միայն քաղաքական միջոցներով:
Ասատ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը համեմատէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը յառաջիկայ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ
- Ալիևը հարցը հասցրել է ՄԱԿ՝ պահանջելով 300 հազար ադրբեջանցիների վերաբնակեցում ՀՀ-ում. Հարութ Սասունյան
- Բասենի հայաբնակ գյուղերը (XX դ. սկիզբ)



Leave a Reply