Ասատ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը համեմատէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ

ԱսատԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը համեմատած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց հետ:
Ըստ «Բերիոյ լուրեր»ու «Ֆէյսպուք»ի էջին՝ Ասատ Սուրիոյ տարածքին տեղի ունեցող անմարդկային ջարդերուն համար մեղադրած է Թուրքիան եւ ակնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան:
«Ժամանակակից պատմութեան մէջ օսմանցիները Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ տարածքին վրայ կոտորած են մէկ ու կէս միլիոն հայ եւ կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ», յիշեցուցած է Ասատ՝ շեշտելով, թէ Սուրիոյ տագնապէն կարելի է դուրս գալ միայն քաղաքական միջոցներով:

http://asbarez.com/arm/182870/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ