Հրանդ Տինք՝ յաւերժօրէն յաղթական

Հրանդ ՏինքԵօթը լման տարիներ անցան Հրանդ Տինքի սպանութենէն այս կողմ: Կեանքը շարունակուեցաւ իր հունին մէջ: Սարսափը շանթահարուած ըլլալու հոգեբանութիւնը տարուէ տարի յանգեցաւ՝ իր տեղը թողելով գիտակցութեան: Թէեւ գիտակցութիւնը այդ նոյն պահուն՝ Հրանդի ինկած պահուն, յանգած էր եզրակացութեան: Ոչ միայն մենք՝ Հրանդի անմիջական շրջանակը, այլ բովանդակ Թուրքիոյ բնակչութիւնը նոյն պահուն գիտակցեցաւ, թէ այս ոճիրին հեղինակը նոյնինքն պետութիւնն է: Այլ կերպ մտածեցին միայն ուրացողները:
Պատմութիւնը, պատմական իրողութիւնը ուրացողները՝ ոճիրի հեղինա՛կն ալ ուրացան: Օրուան Իսթանպուլի կուսակալը, «Ակօս»ի աստիճաններուն վրայ շուրջինները համոզել կը ջանար, որ պատահածը անհատական յանցագործութիւն մըն էր: Այս պահուն, երբ կասկած չունինք ոճիրի հեղինակին մասին, նշանակութիւն ալ չունի շարունակուող դատավարութիւնը: Բայց Հրանդէն մեզի փոխանցուածը իր տողերուն մէ՛ջ է արդէն: «Պահ մը թողունք մեռածներուն մասին վիճաբանիլը եւ խօսինք վերապրողներուն մասին» ըսած էր Հրանդ Տինք: Շուտով պարզուեցաւ, որ ուրացումը որդեգրողները շա՛տ աւելի անհանգիստ պիտի ըլլային վերապրողներու մասին խօսելով:
Անոնց առաջին սարսափը յայտնի դարձաւ, երբ բազմահազարներ վանկարկեցին՝ «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսը: Իրենք ալ գիտէին, որ այդ զանգուածը հայ չըլլալով հանդերձ՝ մէկ կողմ շպրտած էր ամբողջ հանրապետութեան շրջանին տիրող հայատեաց քարոզչութիւնը եւ տէր կը կանգնէր հալածուած, սպաննուած հայուն: Սարսափ պատեց նաեւ պահպանողական հայերը, բայց Հրանդ Տինք իր վերջին հանգստարանին մէջ հանգիստ կը ննջէ՝ հպարտութիւն պարգեւելով իր գաղափարակիցներուն:

«ԱԿՕՍ»

http://asbarez.com/arm/182589/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ