ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան որոշած է Թուրքիայէն հակահրասայլային արդիական հրթիռներու համակարգեր գնել: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան, որ իր կարգին կը վկայակոչէ ռազմական աղբիւրներ՝ ներկայիս այդ հրթիռներու փորձարկումները կը կատարուին ատրպէյճանցի զինուորականներու մասնակցութեամբ:
Հրթիռները արտադրող «Ռոքեթսան» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն վկայութեամբ՝ ատրպէյճանցի զինուորականները բարձր գնահատած են համակարգերուն որակը: Հակահրասայլային հրթիռներու այս համակարգերը կարելի է տեղադրել փոխադրական միջոցներու, անօդաչու օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու վրայ:
Ատրպէյճան Թուրքիայէն հրթիռներ պիտի գնէ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը յառաջիկայ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ
- Ալիևը հարցը հասցրել է ՄԱԿ՝ պահանջելով 300 հազար ադրբեջանցիների վերաբնակեցում ՀՀ-ում. Հարութ Սասունյան
- Բասենի հայաբնակ գյուղերը (XX դ. սկիզբ)



Leave a Reply