Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի հանդիպումը Զուիցերիոյ դեսպանին հետ

 Պրիւքսել, 15 յունուար, 2014: Այսօր ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Զուիցերիոյ մշտական եւ լիազօր դեսպան պարոն Պենետիքթ Տը Սերժայի` ներկայութեամբ նաեւ կցորդ տիկին Ուրսինա Էկենշուիլերի` դիմելով, որ դեսպանը փոխանցէ Զուիցերիոյ կառավարութեան՝ Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարանի դեկտեմբեր 17-ի Փերինչեք – Զուիցերիա վճռին դէմ բողոքարկելու, որ կը դատապարտէր Զուիցերիան Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդած ըլլալուն համար եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը որպէս այդպէս ընդունուելուն։ 

Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը դեսպան Տը Սերժայի Փերինչեք – Զուիցերիա դատավարութեան հիմնական կէտերը եւ վճռին հիմնաւորումները ներկայացուց, որոնց վրայ բողոքարկուած է Զուիցերիոյ դաշնային դատարանի Տ. Փերինչեքի գործով վճիռը։ 

Դեսպանը իր հարցադրումներով տեղեակ պահուեցաւ հարցին ընդհանուր հանգամանքներուն եւ հայութեան դիրքորոշումներուն ու Զուիցերիոյ կողմէ որոշումին դէմ բողոքարկման անհրաժեշտութեան։ Նաեւ ներկայացուեցաւ Փերինչեքի նախամտածուած մարտահրաւէրը Զուիցերիոյ դէմ` Ցեղասպանութեանց մերժման քրէականացման օրէնքին նկատմամբ։ 

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին նման վճիռ մը, որ իրաւականօրէն առաջինն է, որ կը դասէ Ցեղասպանութեան մերժումը` ենթակայ խօսքի ազատութեան իրաւունքին, շատ անգամ հակասական եւ անհիմն բացատրութիւններով ճամբայ կը բանայ Եւրոպայի մէջ (եւ ոչ միայն) հակահայ դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ կը հզօրացնէ թուրք ծայրայեղ շարժումները` խեղդելով արդարութեան կոչերը եւ հաշտութեան հիմնական սկզբունքը։ 

Հայ դատի յանձնախումբը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Զուիցերիոյ դեսպանին` ամեն կերպով աջակցութիւն ցուցաբերել, որ բողոքարկումը ստանայ պաշտօնական ընթացք։ Զուիցերիա հարկաւոր է բողոքարկել վերոնշեալ վճիռը` ելլելով իր ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներէն, առիթ տալով, որ հայ ժողովուրդի դէմ առնուած այս ապակողմնորոշիչ վճիռը գտնէ իր ճիշդ ուղին, նաեւ Զուիցերիան տէր կանգնի իր քրէական օրէնքներուն դէմ խախտման պարագաներուն, իր իրաւունքին երկրի օրէնքները ըստ իրենց նախատեսութեան գործադրելու։ 

Հանդիպման աւարտին յանձնախումբը նշեց, որ դեսպանին տեղեակ պիտի պահէ այս հարցին յառաջընթացին մասին` յոյս յայտնելով, որ Զուիցերիա պիտի բողոքարկէ վճիռը։ 

ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ