Թուրք լրագրողներ պիտի յարգեն Հրանդ Տինքի յիշատակը

Հրանդ ՏինքՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը երկուշաբթի, յունուար 20ին պիտի ոգեկոչէ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը, կը տեղեկացնէ թրքական «Սթար» թերթը:
Յիշատակի այս արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մասնագիտութեան մէջ հետք ձգածները» խորագիրով համաժողովին ծիրէն ներս:
Միջոցառման հրաւիրուած են «Ակօս»ի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ, թերթի սիւնակագիրներէն Կարին Քարաքաշ եւ «T24» կայքի սիւնակագիր Այտըն Էնկին:
Տինք ծնած է 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա: Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ եւ լրագրութեան ասպարէզ նետուած է 1990ականներուն: Ապա հիմնած է թրքերէնով եւ հայերէնով լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթը: Իր համարձակ յօդուածներուն պատճառով ան յաճախ ձերբակալուած է եւ անոր դէմ բազմաթիւ դատեր բացուած են: Սպաննուած է 2007ի Յունուար 19ին, «Ակօս»ի խմբագրատան դիմաց:

http://asbarez.com/arm/182435/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ