Օճալան ուղերձ մը պիտի յղէ հայ ժողովուրդին

Ապտիւլլա ՕճալանԻմրալը բանտին մէջ բանտարկուած ՔԱԿի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ հանդիպում ունեցած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ քիւրտ երեսփոխանները գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ հաղորդած են, որ Օճալան ուղերձով մը պիտի դիմէ հայ ժողովուրդին:

Օճալանի խօսքը տեղադրուած է քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան կայքէջին վրայ. «Կ՛ողջունեմ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ Հրանդ Տինքի յիշատակն ու պայքարը: Յոյս ունիմ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը ընդարձակ նամակով դիմեմ հայ ժողովուրդին»:

Օճալանի այս քայլը պայմանաւորուած է վերջին օրերուն ՔԱԿ-ի ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթի անհեթեթ յայտարարութեամբ, թէ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն կառոյցներ, որոնք «պետութիւն են պետութեան մէջ, այսինքն` զուգահեռ պետութիւն են»: Հոզաթը իբրեւ այդպիսի խորքային ուժ նշած է Ֆեթհուլլահ Կիւլենի գլխաւորած Կիւլենական իսլամական շարժումը եւ հայկական, հրէական ու յունական լոպիները:

Պեսէ Հոզաթի այս յայտարարութենէն ետք բոլորին հայեացքները ուղղուեցան Իմրալըի մէջ բանտարկուած Ապտիւլլա Օճալանին. 2013-ի մարտին թրքական մամուլ թափանցած էր Օճալանի եւ քիւրտ գործիչներու միջեւ հանդիպումին սղագրութիւնը, որուն մէջ ՔԱԿ-ի ղեկավարը հանդէս եկած էր համանման յայտարարութեամբ: Օճալան ըսած էր, որ «հայկական, յունական եւ հրէական լոպիները պետութիւն են պետութեան մէջ»: Ըստ անոր, այս ուժերը լոպիական գործունէութիւն ծաւալող սովորական կազմակերպութիւններ չեն: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած էր այն հանգամանքին վրայ, որ երեքն ալ Թուրքիոյ արեւելքէն կը սերին:

Ըստ Օճալանի, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը «այդ խորքային կառոյցներու պարզ գործիքներն են»: Ան կը պնդէ, որ խորքային ուժերու նպատակը թուրք-քրտական երկխօսութեան հոլովոյթը ի չիք դարձնելն է: 

http://www.aztagdaily.com/archives/168985

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ