ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը օրերուն, Քիւրտիստանի ժողովրդային խորհուրդի համանախագահ Պեսէ Հոզաթի մէկ յայտարարութիւնը անհանգստացուցած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները: Ան ըսած էր, որ Թուրքիոյ մէջ «զուգահեռ պետութիւն»ներ կան եւ ասոնց կարգին յիշած էր «ազգայնապաշտ հայերը, յոյները եւ իսրայէլացիներ»ը, ինչպէս նաեւ Կիւլենի համայնքը: Վերջերս Թուրքիոյ մէջ նորաձեւութիւն դարձած է «զուգահեռ պետութիւն» ասութիւնը, որ գործածուած էր նաեւ վարչապետ Էրտողանին կողմէ, ցոյց տալու համար այն մութ ուժերը, որոնք Թուրքիոյ պետութեան սահմաններուն մէջ գաղտնաբար կը գործեն։ Այս ասութիւնը գործածուած էր Դեկտեմբեր 17ին, կառավարութեան դէմ կաշառակերութեանց ամբաստանութիւններու կապակցութեամբ։
Հոզաթ, Ֆրանսայի մէջ սպաննուած քիւրտ կիներու մահուան առաջին տարելիցին առթիւ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, «Ֆրաթ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ «զուգահեռ պետութիւն»ները իրարու հետ կը գործակցին, որովհետեւ շատ լուրջ շահեր ունին այդ գործակցութեան մէջ:
Հոզաթի այս տարօրինակ մեկնաբանութիւնը բնականաբար մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց ակնարկուած շրջանակներուն մէջ եւ հայ մտաւորականներէն ոմանք այդ մասին մտահոգութիւն յայտնեցին մամուլի մէջ. հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ ալ քննադատուեցաւ այդ յայտարարութիւնը։
Հակադարձելով Հոզաթին՝ Գերմանիա հաստատուած Ցեղասպանութեան դէմ գործող միութիւնը Յունուար 13ին յայտարարութիւն մը կատարած է՝ շեշտելով, թէ քիւրտերու ազատութեանց դէմ կեցողը ոչ թէ փոքրամասնութիւններն են, այլ՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Միութիւնը ցաւ յայտնած է, որ քիւրտերուն իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութեան մը ղեկավարը նման անպատասխանատու յայտարարութիւն կը կատարէ՝ թիրախ դարձնելով փոքրամասնութիւնները: Յայտարարութեան մէջ նաեւ ցաւ կը յայտնուի անոր համար, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն միայն մէկ տարի առաջ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ քայլ առած է պատմական իրողութիւնը ճանչնալու համար, այլ ընդհակառակը, ցոյց կու տայ, թէ ան չէ հրաժարած ժողովուրդներ բնաջնջելու քաղաքականութենէն:
Հոզաթի որպէս պատասխան, բաց նամակ մը հրատարակած է նաեւ Այտըն Էնկին, որ դիտել կու տայ, թէ Հոզաթի կատարածը անպատասխանատու քայլ մըն է, որ հիմնուած է սխալ համոզումներու վրայ: Էնկին կը յիշեցնէ, թէ Ապտուլլահ Օճալան եւս խօսած էր «զուգահեռ պետութիւն» կազմող «ազգայնապաշտ յոյն եւ հայ լոպիներ»ուն մասին, բայց Օճալան այդ լոպիներուն առջեւ դրած էր նաեւ «սփիւռք» բառը։ Այսինքն, ան «զուգահեռ պետութիւն» նկատած էր սփիւռքի մէջ գործող հայկական ու յունական լոպիները եւ ոչ թէ Թուրքիոյ հայերն ու յոյները։
Էնկին իր բաց նամակին վերջաւորութեան կը յիշեցնէ, որ երբ առիթով մը հիւսիսային Իրաք գացած էր, հոն երիտասարդ քիւրտ հայդուկ կին մը իրեն մօտեցած էր ու ըսած, որ ինք ի՞նչ կրնայ ընել հիմա, երբ աւարտած է զինեալ պայքարը ու քաղաքական գործունէութեան շրջանը սկսած է։ Էնկին այդ օրը չէր կրցած յստակ պատասխան մը տալ հայդուկ այդ կնոջ, բայց այժմ կը գրէ. «Եթէ դուն քիւրտ մըն ես, չըլլա՛յ որ վիրաւորես թուրք, հայ, ասորի, զազա, յոյն, հրեայ, լազ, պոշնաք մարդիկը. վերջապէս՝ բոլորը այս հողերուն զաւակներն են։ Չըլլա՛յ զանոնք վշտացնես կամ «ուրիշ»ը նկատես։ Զանոնք սեղմէ կուրծքիդ»»։
Միւս կողմէ, Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան համանախագահներ Սեպահաթ Թունճել եւ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ հրատարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր դիտել կը տրուի, թէ Հոզաթի յայտարարութիւնը լուրջ անհանգստութիւններ ստեղծած է մասնաւորաբար փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներս ու քննադատութիւններ հրատարակուած են այս յայտարարութեան դէմ՝ բազմաթիւ քիւրտ գործիչներու կողմէ: Բաւական կնճռոտ տողերով գրի առնուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կուսակցութիւնը, քրտական այլ կազմակերպութիւններու կողքին, կը պաշտպանէ նաեւ հայ, ասորի, յոյն համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն, աքսորներուն կամ հրեաներու դէմ թշնամութեան արարքներուն ու այս փոքրամասնութիւններուն ունեցած կորուստներուն վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերը՝ յիշեցնելով, որ կուսակցութեան մէջ կան այդ համայնքներէն անդամներ։ Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ քիւրտ ժողովուրդի յեղափոխական գործիչները պէտք է գտնեն աւելի՛ պատշաճ խօսքեր, որոնք պէտք է զօրացնեն ժողովուրդներու եղբայրութեան ու միասնութեան զգացումները:
http://asbarez.com/arm/182405/
Leave a Reply