ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան յարգած է թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակը, որ եօթը տարի առաջ ծայրայեղ ազգայնամոլներու դաւադրութեան զոհ գացած էր:
«Կը յարգեմ հայ ժողովուրդի թանկագին զաւակին, մեր եղբօր՝ Հրանդի յիշատակը եւ պայքարը», ըսած է Օճալան՝ ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին:
Օճալանի այս պատգամը հանրութեան փոխանցուած է յունուար 11ին անոր բանտը այցելած խորհրդարանական երկու խմ-բակներու ղեկավարներուն կողմէ: «Կը յուսամ հայերուն դիմել համապարփակ նամակով մը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին», աւելցուցած է Օճալան:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինք թրքական ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ դաւադրաբար սպաննուած էր 2007ի յունուար 19ին: Սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթը դատապարտուած է 22.5 տարուան բանտարկութեան: Մնացեալ 19 մեղադրեալներէն 13ը դատարանին կողմէ ազատ արձակուած էին՝ այն պնդումով, որ անոնք մաս չէին կազմեր զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան մը, սակայն այդ վճիռը աւելի ուշ բեկանուեցաւ ու նոր դատավարութիւն սկսաւ:
Օճալան կը յարգէ Հրանդ Տինքի յիշատակը
•
Վերջին Յաւելումներ
- Վաւերագրական ֆիլմ «Ասատուր»․ հայկական ինքնութիւնը վերագտած խարբերդցի հայի կեանքի պատմութիւնը
- Թուրքական մամուլում ՀՀ-ի մասին ապատեղեկատվության թեմատիկ առանձնահատկությունները
- Իրավական մեխանիզմներն օգտագործվում են ոչ թե օրենքը պահպանելու, այլ Հայ Առաքելական Եկեղեցու ինքնավարությունը խաթարելու համար. Լեմկինի ինստիտուտ



Leave a Reply