Զուիցերիան պէտք է բողոքարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոպական դատարանի վճիռը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող կարեւոր որոշում մը կայացուց Տողու Փերինչեքի ընդդէմ Զուիցերիոյ գործով:
Փերինչեք՝ աննշան թրքական կուսակցութեան մը ղեկավարը, 2005ին մեկնած էր Զուիցերիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխ-տելու դիտաւորութեամբ եւ տեսնելու, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները պիտի յանդգնի՞ն պատժել զինք այդ մէկը ըրած ըլլալուն համար: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը լկտիաբար անուանած էր «միջազգային սուտ»:
Ի պատասխան «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու մասին բողոքին՝ Լոզանի ոստիկանութեան դատարանը 2007ի Մարտին Փերինչեքը դատապարտած եւ տուգանած էր ցեղային խտրականութեան համար: Զուիցերիոյ վերաքննիչ դատարանը հաստատած էր իր դատավճիռը, որոշելով, որ ան խախտած էր Քրէական օրէնսգիրքի 216րդ յօդուածը: Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանը) դեռ 2003 թուականին ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելի ուշ, Փերինչեք դիմած էր Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին՝ Դաշնային դատարանին, որ վերահաստատած էր անոր դատավճիռը:
10 Յունիս 2008ին Փերինչեք իր դատավճիռը բողոքարկած էր Սթրազպուրկի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին՝ պնդելով, որ իր բազմաթիւ իրաւունքները, որոնց շարքին խօսքի ազատութեան իրաւունքը, խախտուած են զուիցերիական դատարաններուն կողմէ: Ան 140 հազար եուրօ փոխհատուցում կը պահանջէր բարոյական եւ ֆինանսական վնասներու, ինչպէս նաեւ դատական ծախսերուն համար:
17 Դեկտեմբեր 2013ին Եւրոդատարանը չէ բաւարարած Փերինչքի գրեթէ բոլոր պահանջքները (Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 6րդ, 7րդ, 14րդ, 17րդ եւ 18րդ յօդուածները) եւ մերժած փոխհատուցման անոր դիմումը: Սակայն, եօթը դատաւորներէն հինգը որոշած են, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը (Յօդուած 10):
Ասիկա շատ արտասովոր որոշում մըն էր, որովհետեւ խօսքի ազատութիւնը բացարձակ իրաւունք չէ եւրոպական իրաւագիտութեան մէջ: Շատ մը եւրոպական երկիրներ սահմանափակումներ կը կիրառեն խօսքի ազատութեան վերաբերեալ, ներառեալ ազատազրկում՝ Հոլոքոսթի ժխտման համար: Հոլոքոսթի ժխտման համար պատիժը, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտ-ման նկատմամբ հանդուրժողութիւնը անընդունելի երկակի չափանիշներ են: Կա՛մ երկու Ցեղասպանութիւններու ժխտումը պէտք է ըլլայ պատժելի կա՛մ՝ ոչ մէկունը:
Եւրոպական դատարանի 80 էջնոց որոշումը դիւրին չէր կարդալ ոչ միայն այն պատճառով, որ անիկա ֆրանսերէն գրուած էր, այլ որովհետեւ հինգ դատաւորները, որոնք ի նպաստ Փերինչեքի վճիռ կայացուցած էին, գրեթէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ սխալ մեկնաբանութիւններ ըրած էին: Ամբողջ գիրք մը կարելի է գրել անոնց բազմաթիւ փաստացի սխալները հերքելու համար: Դատաւորները խեղաթիւրուած ներկայացուցած են Փերինչեքի անհիմն պնդումները, զուիցերիական օրէնքներն ու դատավճիռները, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր միջազգային ճանաչման փաստերը, միաժամանակ անընդհատ հակասելով իրենք իրենց: Իրավիճակը առաւել եւս խճճուեցաւ, երբ դատարանի քարտուղարը անցեալ շաբաթ հրապարակեց չորս էջնոց հաղորդագրութիւն մը, որով աւելի խեղաթիւրեց դատարանի վճիռը, ատով իսկ դատին մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ ամբողջութեամբ շփոթութեան մէջ ձգելով միջազգային լրատուամիջոցները:
Ահա՛ այդ հինգ դատաւորները, որոնք հաստատեցին Փերինչեքի կեղծ մեղադրանքները՝ Կուիտօ Ռայմոնտի (Իտալիա), Փիր Լորենցըն (Դանիա), Տրակոլիւուպ Փոփովիչ (Սերպիա), Անտրաս Սաճօ (Հունգարիա) եւ Հելէն Քելըր (Զուիցիրիա): Դէմ արտայայտուած դատաւորներն էին Նեպոժսա Վուչինիչ (Մոնթենեկրօ) եւ Փաուլօ Փինթօ տը Ալպուկերկեն (Փորթուկալ):
Դատավճիռին կից եօթը էջնոց լրացման մէջ դատաւորներ Ռայմոնտին եւ Սաճօն կրկին հակասեցին զիրար՝ արդարանալով ի նպաստ Փերինչեքի վճիռ կայացնելուն համար: Հարցեր բարձրացնելով «Հայկական ջարդերու» հաւաստիութեան մասին, ապա պնդելով, թէ իրենց խնդիրը Ցեղասպանութեան փաստերը գնահատելը չէ. այս երկու դատաւորները հաստատեցին, որ հայ ժողովուրդի ոչնչացումը եղած է կառավարութեան հովանաւորութեամբ, ատով իսկ ընդունելով անոնց ցեղասպան բնոյթը: Սակայն անոնք կը պնդեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը վկայակոչել իբրեւ «Մեծ եղեռն», որ կը թարգմանեն իբրեւ «Մեծ յանցագործութիւն»: Միւս կողմէ, տարակարծիք դատաւորներ Վուչինիչ եւ Փինթօ տը Ալպուկերկեն, դատավիճիռին կից ներկայացուցած են իրենց 19 էջնոց խորապէս ուսումնասիրուած համապարփակ զեկոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է թարգմանել քանի մը լեզուներու եւ տարածել ամբողջ աշխարհին:
Առաւել հրատապ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութիւնները պէտք է խնդրեն Զուիցերիոյ կառավարութենէն բողոքարկել Եւրոդատարանի դատավճիռը անոր 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին՝ 90օրեայ ժամկէտի մէջ: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կոչ ըրած էր աշխարհասփիւռ հայութեան բողոքելու դատարանի վճիռին դէմ՝ իրենց կառավարութիւններուն դիմելու եւ Եւրոդատարանին բողոքի նամակներ յղելու միջոցով: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը խոստացած է ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր միջոցները դատարանի որոշումը խափանելու համար, յորդորելով Զուիցերիոյ հայց ներկայացնելու:
Եթէ Եւրոպական դատարանի որոշումը անպատասխան մնայ, ապա ատիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտ-ման քրէականացման ջանքերուն վրայ եւրոպական երկիրներու մէջ՝ մասնաւորապէս Ֆրանսայի, այլ մանաւանդ, որ աւելի կարեւոր է, Ցեղասպանութեան յառաջիկայ 100ամեակին վրայ:
Դատավճիռը՝ իր ներկայի տեսքով, հաւանութիւն կու տայ ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Փերինչեքի ժխտողական դիրքորոշման, որ իր քրէական գործունէութեան համար այժմ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած է եւ պատիժը կը կրէ թրքական բանտին մէջ: Թուրքիան անմիջականօրէն միջամտած է այս դատին՝ ընդարձակ ցուցմունք ներկայացնելով Եւրոդատարան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է լկտի յայտարարութեամբ՝ անամօթաբար ողջունելով դատավճիռը եւ պարծենալով խօսքի ազատութեան իր աջակցութեան համար: Համաձայն Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսելը կը համարուի յանցագործութիւն, մինչդեռ Զուիյցերիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին ստելը յանցագործութիւն է:
Յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան չափազանց կարեւոր է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը բողոքարկէ դատարանի վճիռը եւ չենթարկուի թրքական քաղաքական եւ տնտեսական բոլոր ճնշումներուն:

Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն» կայքը

http://asbarez.com/arm/181182/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ