Մալաթիոյ հայերու միութիւնը կը յուսայ, որ Անգարա կը դատապարտէ Մեծ եղեռնը

Խոսրով ՔէօլետաւիթօղլուՊՈԼԻՍ.-  Թրքական «Զաման» թերթը դեկտեմբեր 22ի թիւով կը գրէ, որ Մալաթիոյ հայերու բարեսիրական միութեան ատենապետ Խոսրով Քէօլետաւիթօղլու տիպար անատոլիացի է: Ան, կը յայտնէ, որ ինք իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի, Թուրքիոյ բոլոր հայերուն նման իր հայրենիքը՝ Թուրքիան, թշնամիներէ պաշտպանելու չ՛երկմտիր, «ճիշդ ինչպէս մեր փոքրամասնութեան նախահայրերը կատարեցին Տարտանելի ճակատամարտին ընթացքին»:
«Զաման» կը գրէ, որ Քէօլետաւիթօղլուի ակնկալութիւնն է, որ թրքական իշխանութիւնները քաջութիւնն ունենան դատապարտելու Մեծ եղեռնը, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին կազմակերպուած էր երիտասարդ թուրքերուն կողմէ, եւ կը նշէ, որ քանդումը, աքսորը, սեռային բռնութիւնները, բռնաբարումները եւ ջարդերը կարելի չէ ժխտումով ջնջել: Ան կը յայտնէ, որ անմարդկային, ահաւոր ողբերգութեան հետ պէտք է առերեսուիլ եւ տխրութիւնը բաժնեկցիլ, ինչպէս նաեւ կարեւոր է, որ հայերն ու թրքական քաղաքացիական հասարակութեան խմբակները շարունակ երկխօսութիւն կատարեն:
Ըստ Քէօլետաւիթօղլուի՝ ողբերգութեան տարիներուն, բազմաթիւ հայեր ստիպեցին իսլամանալու: Ան կը նշէ, որ 1915ին ամուսնութեան կամ որդեգրման ճամբով իսլամացած հայերուն թիւը շուրջ 200,000 է:
Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր իսլամ հայեր կան: Ոմանք իրենց ծագումը կը հերքեն, ուրիշներ ալ իրենք զիրենք հայ, սակայն միաժամանակ՝ իսլամ կը նկատեն:
Քէօլետաւիթօղլու շեշտած է, որ եթէ իսլամացուած հայերը իրենց նախահայրերուն ցաւալի պատմութիւնները ուրիշներու պատմեն, ապա հասկցուիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ: Ան աւելցուցած է, թէ այդ հայերը, որոնք տարածաշրջանին մէջ վերապրած են, կը փորձեն իրենց մշակոյթը պահպանել եւ կը պայքարին իրենց կենցաղակերպը պահպանելու համար, եւ թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարած է, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ հայերուն համար բաւարար քայլեր առնուած են:
Քէօլետաւիթօղլու կը յայտնէ նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնը ալաուիներու եւ քիւրտերու նկատմամբ բազմաթիւ քայլեր առած է. հայերն ալ արժանի են նոյնպիսի վերաբերմունքի եւ անոնք թեւերնին բաց կը սպասեն առանց նախապաշարումի եղող բարեկամական քաղաքական տեսլականներուն:
Ան կը նշէ, որ հայերը պէտք չունին, որ պաշտօնատարները «ցեղասպանութիւն» կամ «ջարդ» ըսեն, որովհետեւ աշխարհը արդէն գիտէ, թէ ի՛նչ պատահած է, աւելցնելով, որ զանգուածային սպանութեան նպատակը հայերուն դրամն ու կալուածները իթթիհատականներուն, անոնց համակիրներուն եւ ականաւոր բնիկներուն փոխանցելն էր: Հայերը, որոնք Անատոլիոյ մեծաթիւ փոքրամասնութիւնն էին, յանկարծ իրենց անցեալին կողքին՝ աշխարհագրութենէն, համայնքէն, գրականութենէն եւ տեղական պատմութեան գիրքերէն անհետացան. կարծէք անոնք երբե՛ք գոյութիւն ունեցած չեն:
Ըստ Քէօլետաւիթօղլուի՝ այս հարցով հայերու կարծր կեցուածքին պատճառը պետութեան ժխտումն է: Սակայն եթէ Թուրքիան իր կեցուածքը փոխէ, ապա Սփիւռքի հայերը աւելի չափաւորական պիտի ըլլան:
Ինչ կը վերաբերի «1915ի դէպքերու 100ամեակին», ապա Քէօլետաւիթօղլու կը յուսայ, որ Թուրքիոյ մէջ համատարած սուգ պիտի ըլլայ, սակայն 2015ին վերաբերեալ որեւէ ձեռնարկ չ՛ակնկալեր Թուրքիոյ հայ համայնքին կողմէ:

http://asbarez.com/arm/181162/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ