Սէլահատտին Տէմիրթաշն ալ խիստ խօսեցաւ

ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ԴՐԱՄԱՐԿՂԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԴՐԱՄԱՐԿՂՆ Է

Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ այլեւս բոլոր պատերը փուլ եկած ըլլալ կը թուին, ամէն մարդ կը խօսի սանձարձակ կերպով, եւ յայտնի չէ թէ այս գնացքը ուր կանգ պիտի առնէ։ Ա-Գէ-Փէ-ի ու Կիւլէնի համայնքի միջեւ ծագած մենամարտին յաջորդեց կառավարութեան դէմ բացուած ապօրինութեան ու կաշառակերութեան արշաւը, եւ հիմա ամէն կողմէ տարբեր ձայն մը կը բարձրանայ, բայց կը բարձրանան նաեւ անէծք, նախատինք ու հայհոյութիւն։ Նաեւ նորանոր պնդումներ։

Երէկ այս մասին Ատըեամանի Գահթա գաւառակին մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Պէ-Տէ-Փէի Կուսակցապետ Սէլահատտին Տէմիրթաշ։ Ան կուսակցութեան նահանգային շէնքին դիմաց հաւաքուած 3000 համակիրներու խօսք ուղղելով ըսաւ.

“Անոնք որ Պէ-Տէ-Փէն ճանչնալ կ՚ուզեն, թող մեր մայրերուն ու հայրերուն նային։ Թող տեսնեն, թէ ինչ ցաւոտ մայրեր ու հայրեր ունինք։ Ունինք մայրեր, որոնք զաւակներ կորսնցուցին ու անոնց գերեզմանաքարն իսկ չունեցան։ Ունինք հայրեր, որոնք հինգ զաւակ կորսնցուցին` առանց որ անոնցմէ մէկուն գերեզմանը ունենան։ Մենք անոնց ժառանգորդներն ենք։ Մենք այս կուսակցութիւնը հիմնեցինք արցունքով ու քրտինքով, մեր եղունգներով, ոչ թէ հնգաստղանի պանդոկներու մէջ ժողովներ գումարելով։ Հիմա մեզմէ կ՚ուզեն, որ մենք այս նոր կռիւին մէջ կողմ դառնանք, կանգնինք Ա-Գէ-Փէ-ին կամ Կիւլէնի համայնքին կողքին։ Մենք ոչ անոր, ոչ ալ միւսին կողմը պիտի բռնենք։ Եթէ Ա-Գէ-Փէ-ի ղեկավարներուն տուները դրամարկղերով լեցուն են, Կիւլէնի համայնքի անդամներուն տուներն ալ այդպէս չե՞ն կը կարծէք։ Ամէնէն մեծ դրամարկղն ալ Էրտողանին դրամարկղն է։ Անոր հաւաքած տոլարները այնքան շատ են, որ ԹԸՌ բեռնակառք մը պէտք է զանոնք կրելու համար։ Այսպիսի անձեր կրնա՞ն արդեօք ժառանգորդները ըլլալ Իսլամ կրօնքի մարգարէներուն”։

Իսկապէս կարելի է հարց տալ. քաղաքական հրապարակներու վրայ կատարուած այս զայրացկոտ ճառախօսութիւնները ե՞րբ պիտի վերադառնան իրենց բնականոն հունին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ