ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի բանբերը քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին օրերու քայլերը՝ պնդելով, որ անոր սոյն քաղաքականութեամբ լրջօրէն կը վտանգուի Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան:
Բանբերը դիտել տուած է, որ վարչապետ Էրտողան վերջերս բացայայտօրէն խախտելու սկսած է դատական համակարգի անկախութիւնը եւ ասիկա կ՛անհանգստացնէ Եւրոմիութիւնը։ Յիշեցնենք, թէ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մեղսակցութեամբ զեղծարարութեանց հարցով բացուած հետաքննութեան իբրեւ հետեւանք կատարուած ձերբակալութիւններէն ետք, Էրտողան վերջին քանի մը օրերուն մեծ թիւով ոստիկանապետներ պաշտօնազրկեց ու ճնշում բանեցուց դատական համակարգին վրայ, ինչ որ արդարադատութեան համակարգի անկախութիւնը խախտելու համազօր քայլեր են:
Էրտողան վտանգի կը մատնէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը. Եւրոմիութեան բանբեր
•
Leave a Reply