Պոլսոյ պատրիարքը սուրիահայերու ու Հայաստանէն եկողներու հարցերը կը քննէ Տաւութօղլուի հետ

Արամ սրբազանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու կիրակի, դեկտեմբեր 22ի յետմիջօրէին ընդունեց Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանը։
Պատրիարքարանէն տրուած տեղեկութեանց համաձայն՝ Արամ սրբազանին ու նախարարին միջեւ տեսակցութիւնը կայացած է դռնփակ։ Արամ սրբազան այս տեսակցութեան ընթացքին նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրած է մասնաւորաբար այն դժուարութիւններուն վրայ, որոնց հետ դէմ յանդիման մնացած են Սուրիայէն գաղթող կամ Հայաստանէն եկած հայերը՝ խնդրելով, որ որոշ դիւրութիւններ ստեղծուին անոնց համար։
Արտաքին գործոց նախարարը «շատ ջերմ ընդունելութիւն» ցոյց տուած է Արամ սրբազանին ու ըսած, որ շատ գոհ մնացած է այս հանդիպումէն՝ յիշեցնելով նաեւ, որ վերջերս Երեւան կը գտնուէր ու շատ լաւ կը ճանչնայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ թէեւ Երեւանի մէջ իրեն կամ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ցոյցերը յուզած էին թէ՛ զինք, թէ՛ Նալբանդեանը, «բայց այսպիսի դէպքեր ամէնուրեք կը պատահին ու պէտք չէ զանոնք ընդհանրացնել»:
«Կը յուսամ, որ յառաջիկային աւելի օգտաշատ հանդիպումներ կ՛ունենանք ու միասնաբար կը լուծենք առկա խնդիրները», ըսած է թուրք նախարարը։
Այս այցելութեան առիթով, Արամ սրբազան նախարարին նուիրած է Կարօ Քիւրքմանի «Օսմանեան շրջանի նկարիչներ» անուն կոթողային գիրքի երկու հատորները, իսկ ատոր փոխարէն՝ Ահմետ Տաւութօղլու Արամ սրբազանին նուիրած է յախճապակեայ յուշանուէր մը։

http://asbarez.com/arm/180887/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ