Թուրքիոյ մէջ փտածութեան գայթակղութեան հարց. Պոլսոյ 25 ապահովական պատասխանատուներ կը պաշտօնազրկուին, իսկ լրագրողներու կ՛Արգիլուի երկրի տարածքին ոստիկանութեան կեդրոնատեղիներ մուտք գործել

ԷրտողանԹրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է պաշտօնազրկել Պոլսոյ նահանգի եւ անոր շարք մը քաղաքներու ապահովութեան բաժանմունքներու 25 տնօրէններ, որոնց շարքին` Ֆաթիհ քաղաքամասի ապահովութեան պատասխանատուն: Իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի ընդհանուր հետաքննութեան ենթարկել «ՊանքԱսիա»-ն, որ Ֆաթհիւլլա Կիւլենի շարժումին պատկանող դրամատուներէն մէկն է:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որդեգրած է որոշում մը, որ լրագրողներուն կ՛արգիլէ մուտք գործել Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն ոստիկանական կեդրոնները:

Մինչ այդ, ապահովական ուժերը Անգարայի մէջ ոստիկանութեան կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնին դիակը յայտնաբերեցին անոր ինքնաշարժին մէջ: Ան անյայտ պատճառներով անձնասպանութիւն գործած է, սակայն կը կարծուի, որ ան փտածութեան հարցով պաշտօնազրկուած անձերէն մէկն է:

Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ դատաւորներ պաշտօնապէս ամբաստանեցին Թուրքիոյ ներքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներուն որդիները: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» եւ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ ամբաստանեալներուն շարքին է «Հալքպանք»-ի ընդհանուր տնօրէնը:

Էրտողան կը սպառնայ վտարել օտար երկիրներու դեսպանները

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «վերջերս կարգ մը դեսպաններ հետաքրքրական կերպով գրգռիչ արարքներ կը կատարեն: Ես Սամսոնէն խօսքս անոնց կ՛ուղղեմ. «Ձեր գործերով զբաղեցէք»` աւելցնելով, որ «մենք ստիպուած չենք ձեզ մեր երկրին մէջ պահել: Եթէ ձեր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր դեսպանները որեւէ խաղի առնչուին, դուք եւս մեզ պէտք է տեղեակ պահէք, մեր դեսպանները տուն կը կանչենք», շեշտեց ան:

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ հերքեց թրքական լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրը, թէ փտածութեան շուրջ հետաքննութեան ետին Միացեալ Նահանգները կը կանգնին: Այդ լուրը կը յաջորդէր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ գայթակղութեան կազմակերպման մէջ կը մեղադրէ «մութ ուժերը», որոնք կը գործեն արտերկրէն:

Ռիքարտոնէ ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ որեւէ ձեւով չեն առնչուած հետաքննութեան եւ կաշառքի շուրջ ընթացող հետաքննութեան»` շեշտելով, որ «ոչ ոք պէտք է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները անհիմն պնդումներով վտանգէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպանին հրապարակած հաղորդագրութեան իբրեւ պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը բաւարար կը նկատենք: Զինք այս հարցով նախարարութիւն կանչելու որեւէ ծրագիր չկայ»:

Թրքական կառավարամէտ երեք օրաթերթեր` «Աքշամ», «Սթար» եւ «Ենի Շաֆաք» 21 դեկտեմբերին իրենց առաջին էջով հաղորդած էին, որ Ռիքարտոնէ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն հետ 17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած իր մէկ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած էր. «Դուք կայսրութեան մը փլուզումը պիտի դիտէք»:

Ռիքարտոնէ հերքեց, որ նոյնիսկ այդպիսի հանդիպում մը տեղի ունեցած ըլլայ:

Աւելի քան 80 անձեր, ներառեալ` ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլերի, կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքթարի եւ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանի զաւակները ամբաստանուած են այս հարցով: Նոյն հարցով ամբաստանուած է նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Էրտողան կը պատրաստուի իր կառավարութեան կազմին մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու եւ առնուազն ութ նախարարներու տեղ նորեր նշանակելու: Կաշառակերութեան գործով չորս նախարարներու կողքին կրնան փոխուիլ նաեւ երեք այլ նախարարներ` Պինալի Եըլտըրըմ, Սատուլլահ Էրկին ու Ֆաթմա Շահին, որոնք քաղաքապետութեան թեկնածու ներկայացած են, ինչպէս նաեւ երկու այլ նախարարներ, որոնց անունները տակաւին յայտնի չեն:

Ոստիկաններցուցարարներ բախում

Ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Քատըքէօյ հրապարակին վրայ կառավարութեան քաղաքաշինական քաղաքականութեան եւ փտածութեան մեղադրանքներու հարցով բողոքի ցոյց կատարող խումբերու դէմ ջրաշիդ մեքենայ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Լարուածութիւնը աճ արձանագրեց, երբ խումբ մը ցուցարարներ ոստիկաններուն վրայ քարեր նետեցին: Կարճ բախումէ մը ետք դարձեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ցոյցին մասնակիցներուն շարքին էին ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւններու անդամներ:

 http://www.aztagdaily.com/archives/166264

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ