ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

Կաշառակերութեան եւ ապօրինութիւններու հարցով բացուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի

ՄԱՐՄԱՐԱԵՐԷԿ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ ԵՂԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Կաշառակերութեան եւ ապօրինութիւններու հարցով բացուած հետաքննութիւնն ու աղմկայարոյց ձերբակալութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել երկրի քաղաքական ու հանրային օրակարգը։ Երէկուան կարեւոր զարգացումներու լոյսին տակ, ինչպէս նախորդ օր յայտարարած էր Վարչապետ Էրտողան Ապահովութեան համակարգէն ներս կատարուեցան նոր փոփոխութիւններ։ Երէկուան յատկանշական դէպքն այն էր որ պաշտօնազուրկ եղաւ Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնը Հիւսէյին Չափքըն, որ 2009էն ի վեր պաշտօնի գլուխ էր եւ որու պաշտօնավարութեան շրջանին տեղի ունեցած էին Էրկէնէքոնի, Լախտի հետաքննութիւններն ու յաջորդող դատավարութիւնները, նաեւ կարեւոր այլ բացայայտումներ։ Իր փոխարէն այդ պաշտօնին նշանակուեցաւ Աքսարայի կուսակալը։ Այս առաւօտեան Անգարայի մէջ Ապահովութեան Տնօրէնութեան 14 բաժնի պետեր պաշտօնազուրկ եղան եւ անոնց փոխարէն նորեր պաշտօնի կոչուեցան։

Հակառակ որ նախընթաց օր հեռատեսիլային կայաններն ու լրատու գործակալութիւններ յայտարարեցին թէ կաշառակերութեան հարցով պատրաստուած էին չորս Նախարարները անձեռնմխելիութենէն զրկելու թղթածրարներ, Ա Գէ Փէի բանբեր Հիւսէյին Չէլիք երէկ հերքեց այդ տեղեկութիւնները։

Երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին իշխանութեան թեւէն զանազան ներկայացուցիչներ շարունակեցին պնդել որ աղմկայարոյց ձերբակալութիւններն ու կատարուած հետաքննութիւնը իշխանութիւններու դէմ լարուած թակարդ են, ապահովութեան համակարգէն ներս հաստատուած է յատուկ ցանց մը, որ գործած է ինքնագլուխ կերպով, կառավարուած է որպէսզի երկրի համար այսպիսի բախտորոշ շրջանի մը մէջ վնաս պատճառէ կուսակցութեան։

Վարչապետ Էրտողան առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Նախագահ Կիւլի հետ եւ փակ դռներու ետին 40 վայրկեան տեսակցեցաւ, առանց բացատրութիւններ տալու խօսուած նիւթերու մասին։

Ընդհանուր առմամբ միշտ կը խօսուի Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համայնքի ու Ա Գէ Փէի միջեւ “պատերազմ”ի մասին ու հակառակ որ Կիւլէնի փաստաբանը երէկ յայտարարեց թէ իր պաշտպանեալը որեւէ առընչութիւն չունի զարգացումներու հետ, հասարակաց կարծիքը տարբեր է։ Իշխող տեսակէտն այն է որ “պատերազմ”ը սկսած է եւ յետագայ զարգացումները յղի են երկրի համար ճակատագրական այլ դէպքերով։

Հակառակ Ա Գէ Փէի յայտարարութիւններուն, զանազան թերթեր կը նշեն որ կաշառակերութեանց պնդումները իրականութիւն են ու կարելի չէ պարտկել զանոնք։ Կը հաղորդուի որ հետաքննութիւնը սկսած էր 2012ին, 32 անձեր յայտնուած էին ոստիկանութեան դիտակէտի ոսպնեակի վրայ ու սկսած էր “Մեծ կաշառակերութիւն” անուանեալ գործողութիւնը։ Բանալի դէմքն է 29ամեայ ազերի գործարար Րէզա Զարրապ որ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող կաշառք տուած է Նախարարներ՝ Մուամմէր Կիւլէրի, Զաֆէր Չաղլայանի ու Էրտողան Պայրաքտարի որդիներուն, իսկ պիւրոքրաթիք գործողութիւններուն հետեւելու համար ալ՝ Նախարար Էկէմէն Պաղըշին։

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ

Վարչապետ Էրտողան կը պատրաստուի արմատական փոփոխութիւններ իրականացնել կառավարութեան կազմէն ներս ու առնուազն ութ Նախարարներու տեղ

նորեր կրնան պաշտօն առնել։ Կաշառակերութեան գործով վերոյիշեալ չորս Նախարարներու հետ միասին, կը նշուի որ կրնան փոխուիլ նաեւ երեք Նախարարներ՝ Պինալի Եըլտըրըմ, Սատուլլահ Էրկին ու Ֆաթմա Շահին, որոնք Քաղաքապետութեան թեկնածու ներկայացուած են, ինչպէս նաեւ երկու այլ Նախարարներ, որոնց անունները տակաւին յայտնի չեն։

Միւս կողմէ, ընդդիմութեան թեւէն Ճէ Հէ Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց որ Վարչապետ Էրտողանի հիմնական պարտականութիւնն է կաշառակերութեան դէմ այս պայքարը գլխաւորել։ “Վարչապետը կ՚ըսէ այս լոպին, այն լոպին։ Բացէ ի բաց թող ըսէ կաշառակերութիւն կա՞յ թէ ոչ, մնացեալը անկարեւոր է”։ Իսկ Մէ Հէ Փէի առաջնորդը՝ Պահչէլի յայտարարեց որ Ապահովութեան համակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաները պաշտօնազուրկ ընելով, իշխանութիւնները ցոյց տուին որ խուճապի մատնուած են։ Ո_չ մէկը թող փորձէ կացինահարել այս հետաքննութիւնը, ըսաւ Տէվլէթ Պահչէլի։

Գալով Եւրոմիութեան, Եւրոմիութեան կոմիտէի ընդլայնումէ պատասխանատու անդամ Շթէֆան Ֆիւլէի բանբերը ըսաւ որ Եւրոմիութեան պահանջն է որ հետաքննութեան անկախութիւնը ապահովութեան տակ առնուի եւ կառավարութիւնը միջամուխ չըլլայ հետաքննութեան։

“ՀԱՅ ԴԱՏ”Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ԵՄԻԱ ԿՈՂՄԷ ՓԷՐԻՆՉԷՔԻ ԴԷՄ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ինչպէս գրած էինք, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանը (ԵՄԻԱ) 17 Դեկտեմբերին որոշում մը կայացուց, որու համաձայն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցանք չի նկատուիր։ Դատարանը այս կերպով հաստատեց որ, Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան ղեկավար Տօղու Փէրինչէքի դէմ 2007ին Լոզանի Դատարանին մօտ հայկական ցեղասպանութեան ուրացումի յանցանքով բացուած դատը ի նպաստ Փէրինչէքի արդիւնք տուած է, որովհետեւ հակառակ որոշում մը տալ եւ զայն պատժել, պիտի նշանակէ իր արտայայտութեան ազատութիւնը սահմանափակել։

Այս որոշումի հիման վրայ, Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ֆրանսայի “Հայ Դատ”ի Գրասենեակն ու Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Եւրոպայի “Հայ Դատ” Յանձնախումբը հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. “Ֆրանսայի “Հայ Դատ” Գրասենեակը բուռն կերպով կը քննադատէ այս որոշումը։ Առնուած որոշումը շատ վտանգաւոր է։ Եւրոպայէն, ուղղակի զօրակցութեան պատգամ կը փոխանցէ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած ուրացումի հոսանքին, նաեւ յաւելեալ խրամատ մը կը բանայ։ Նոյնիսկ, արտայայտութեան ազատութիւն պատրուակին տակ, Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի մերձեցումը որպէս օրինակ ներկայացնելով, Եւրոպայի Դատարանը իր այս անբախտ որոշումով ոտնակոխած կ՚ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները։

“Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբը Պրիւքսէլի Գրասենակին հետ միասնաբար, իր բոլոր միջոցներով պիտի պայքարի Եւրոպայի Դատարանի կողմէ հռչակուած այս անընդունելու որոշումին դէմ։ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը բողոք ներկայացնելու եւ դարձեալ դատ բանալու մասին Եւրոպական Դատարանի դիմելու համար երեք ամսուան միջոց ունի։ Այս շրջագծով, Զուիցերիոյ կառավարութենէն մեր ակնկալութիւնները ներկայացնելու համար առաջին հերթին Զուիցերիոյ Փարիզի Աւագ Դեսպանին հետ տեսակցութիւն առաջարկուած է։ Զօրակցական այս արշաւին դէմ հասարակաց ճակատ կազմելու համար կազմակերպեալ նախաձեռնութիւններ պիտի առնուին զանազան երկիրներու Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու առընթեր, Երեւանի պաշտօնական շրջանակներու հետ”։

Յայտնի լրագրող Ճիւնէյթ Էօզտէմիրի ուշագրաւ յօդուածը

“ԸՆԿԵՐՍ, ԱՍԻԿԱ ՄԻԱՅՆ ԶԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐՑ ՄԸ ՉԷ…”

Յայտնի լրագրող եւ հաղորդավար Ճիւնէյթ Էօզտէմիր կաշառակերութեան հարցով բացուած հետաքննութեան անդրադառնալով, այն տեսակէտը կը պաշտպանէ որ ասիկա Ա Գէ Փէ-Ֆէթհուլլահ Կիւլէն համայնքի միջեւ պատերազմ է ու վերի խորագրին ներքեւ կը գրէ հետեւեալը.-

Մէտիաները իրարու միջեւ բաժնուեցան։

Թերթերու մէջ հաշուեյարդարներ տեսնուեցան։

Ընկերային ցանցերը գործածուեցան հրապարակային խօսք ուղղելու համար։

Կեղծ հաշիւներ բացուեցան ու հետաքննութիւններ սկսան։

“Պատերազմ”ի համար “մերիններու”, “ձերիններու” ցանկեր պատրաստուեցան։

Փոխադարձ ապատեղեկատուութեան համար բոլոր միջոցները գործի դրուեցան, համացանցային կայքէջեր հաստատուեցան եւ … պատերազմը սկսաւ։

Կ՚ուզէք ամէնէն առաջ ե_ս դնեմ այս պատերազմի անունը։

Ասիկա “ըմբռնողութեան պատերազմ” է։

Այս առաջին հետաքննութիւնը թող չխառնշտկէ ձեր միտքերը. հրաժարականներ, պաշտօնի փոփոխութիւններ, լուրեր, պահանջներ…։

Մի աճապարէք, պատերազմը տակաւին նոր սկսած է։

Յառաջիկայ օրերուն Ա Գէ Փէ կուսակցութիւն-Կիւլէն համայնք պատերազմի մէջ ականատես պիտի դառնանք նոր գործողութիւններու եւ արշաւներու, որոնք մեր խելքը պիտի դարձնեն, բերանաբաց պիտի թողուն մեզ։ Երկու թեւերն ալ պիտի փորձեն թէ_ դիմացի կողմը “ոչնչացնել” եւ թէ մեզ համոզել որ անհրաժեշտ գործողութիւններ կը կատարուէին։ Ատեն ատեն “մենք այս ժապաւէնը տեսած էինք” պիտի ըսենք մեր միտքերէն։ Երբեմն ալ “այսքանն ալ այլեւս կը բաւէ” պիտի խորհինք։

Հակամարտող կողմերէն մէկը պիտի փորձէ հաւատացնել որ մեր դիմաց ունինք Ա Գէ Փէ կուսակցութիւն մը որ մինչեւ կոկորդը թաղուած է կաշառակերութեան լիճի մէջ ու այլեւս անկարելի է վստահիլ քաղաքական այդ ուժին։ Միւս կողմն ալ կամաց կամաց պիտի “ներարկէ” այն տեսակէտը թէ պետութեան գլխու փորձանք դարձած է համայնք-աւազակախումբ մը։

Այս ըմբռնումներէն մէկը պատերազմի յաղթող պիտի ըլլայ ու պիտի հաստատուի կայուն հիմերու վրայ։ Ոստիկանական գործողութիւններ, լուրեր, բոլորն ալ այս ըմբռնումի պատերազմի փոքրիկ մէկ ճակատը պիտի մնան։ Հարկաւ որ խնդրոյ առարկայ ըմբռնումը մէկ օրուայ մէջ պիտի չձեւաւորուի։ Ժամանակի կը կարօտի։ Դիւրին չէ Ա Գէ Փէի վերածել կուսակցութիւն մը, որ ամէնէն բարձր քուէները ստացած է եւ իր անունը իւրացուցած որպէս ԱԳ (ճերմակ) կուսակցութիւն։ Դիւրին չէ նաեւ աւազակախումբի որակում տալ համայնքի մը, որ բազում ծառայութիւններ մատուցանած է եւ իր անունը նոյնացուցած բովանդակ աշխարհի մէջ բացուած հարիւրաւոր դպրոցներուն հետ։

Այդ պատճառով ալ հակամարտող երկու կողմերն ալ մեծ աշխատանք պէտք է տանին Թուրքիոյ հանրային կարծիքը համոզելու համար։ Միայն Թուրքիան չի բաւեր, պայման է նաեւ որ աշխարհն ալ համոզուի։ Այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ երբ իշխանութիւնները կրցան չէզոքացնել տարիներու ընթացքին բանակի կողմէ թէ_ ժողովուրդի եւ թէ պետութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնն ու ոյժը։ Թուրքիոյ ժողովուրդի 90 տոկոսի համար բանակը ամէնէն վստահելի կառոյցն էր, բայց Էրկէնէքոնի ու Լախտի դատավարութիւնները խարխլեցին այդ վստահութիւնը, թէեւ դժուար էր, բայց իշխանութիւնները յաջողեցան անհրաժեշտ սահմաններու մէջ “պարփակել” բանակը։ Իշխանութիւնները թէեւ դժուարին օրեր ապրեցան այդ շրջանին, բայց յաջողեցան։ Հիմա աւելի մեծ փորձառութեամբ է որ “ներքաշուեցան” ըմբռնումի նոր պատերազմի մէջ։ Գիտեն թէ դիմացինը ի՞նչ կրնայ ընել եւ իրենք ինչեր կրնան ընել։

Շրջան մը ճատրակի այս խաղի մէջ զինուորները, փիղերն ու նաւակները պիտի շարժին։ Ատեն ատեն այս խաղի հերոսները, ատեն ատեն ալ զոհերը պիտի ըլլանք, բայց բոլորս միասնաբար պիտի հետեւինք խաղին։ Ըմբռնումի այս պատերազմի մէջ յաղթողը հաշուեյարդար տեսած պիտի ըլլայ։ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի անփոխարինելի իրականութիւն մը դարձեալ պիտի կրկնուի։ Պարտուողներ բանտ պիտի նետուին, պիտի խայտառակուին։

Այս կռիւի սկզբնակէտը գտնելու համար պէտք է երթալ մինչեւ իսլամական կրօնքի հաստատման հին դարերը, որովհետեւ տակաւին այդ շրջանէն սկսած Իսլամական կրօնքի երկու տարբեր մեկնաբանութեան պատերազմն է ասիկա։ Բայց այս պատերազմը միաժամանակ Թուրքիոյ ապագան պիտի ուրուագծէ եւ յաղթողը պիտի կառուցանէ նոր Թուրքիա մը։

Գիտեմ, այս մտածումները այսպէս բացէ ի բաց գրելը, կարճ նախադասութիւնները ձեզի անհաւատալի կը թուին, անհանգստութիւն կը պատճառեն ձեզի։ Կը սարսափեցնեն ձեզ։

Բայց իրականութիւնը ա_յս է։ Ընելիք բան չկայ։ Ըմբռնումի պատերազմի առաջին ռաունտը դիտելու ընթացքին մեր բոլորին ալ կարեւոր պարտականութիւն կը վիճակի։

Մենք, այսինքն ես, դուն, բոլորս այդ պատերազմի դատակազմի անդամներն ենք. թէ_ ականատեսներն ենք եւ թէ որոշում ընդունողները։ Մեր մեկնաբանութիւնները, մեր խայթիչ խօսքերը, մեր ցաւցնող յայտարարութիւնները, մեր բամասանքները, մեր “փսփըսուք”ներու թերթը պիտի որոշէ պատերազմի յաղթողը։

Մենք հասած ենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան 90ամեայ պատմութեան ամենաճակատագրական հանգրուանին։

Մինչեւ այսօր, լաւ կամ գէշ, իյնալով-կանգնելով, կրցանք մինչեւ հոս հասնիլ։ Այդ պատմութիւնը պիտի վերջանայ այս պատերազմով։  Պատերազմի յաղթողը բոլորովին ուրիշ տեղ մը պիտի փոխադրէ Թուրքիան։

Երբեմն իրականութիւնները երեւան հանելու համար այսպիսի բախումներու, ճգնաժամերու եւ պատերազմներու կարիք կը ծնի։ Թողունք որ ամէն մարդ իր փէշի քարը թափէ։

Թող այդ քարերը թափին, որպէսզի ըմբռնումի պատերազմի յաղթողը մէջտեղ ելլէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ