ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԷԿ ՑՆՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Հսկողութեան Տակ Առնուեցան Երեք Նախարարներու Որդիները, Յայտնի Գործարարներ, Պիւրոքրաթներ Ու Պետական Պաշտօնեաներ

Երէկ Թուրքիա ցնցուեցաւ իրերայաջորդ աղմկայարոյց այնպիսի ձերբակալութիւններով, որոնք ցնցեցին երկրի քաղաքական ամբողջ օրակարգը, տակնուվրայ ըրին երկրի սակարանը եւ որոնք հաւանաբար իրենց զարգացումներով տակաւին երկար պիտի խօսեցնեն իրենց մասին։

Խօսքը երեք հանգրուաններով ձերբակալութիւններու մասին է ու ձերբակալեալները կը մեղադրուին աղտոտ դրամ լուալու, զեղծարարութիւններ իրականացնելու, պաշտօնի չարաշահումով կաշառակերութեան ու ոսկիի մեծաքանակ մաքսանենգութեան յանցանքներով։ Հսկողութեան տակ առնուած են պետական պաշտօնեաներ, յայտնի գործարարներ ու պիւրոքրաթներ, որոնց թիւը ամէն վայրկեան կ՚աւելնայ եւ կը խօսուի կարեւոր նոր ձերբակալութիւններու մասին։ Հետաքրքրականն այն է որ երեք դատախազներ, որոնց հսկողութեան ներքեւ կը կատարուէին աշխատանքները, գաղտնօրէն գործած էին Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազ Զէքէրիա Էօզի գլխաւորութեամբ ու նոյնիսկ Դատական Նախարարը լուր չունէր այս աշխատանքէն։

Ձերբակալութիւնները սկսան առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանութեան միաժամանակեայ գործողութիւններով։ Երեք տարբեր ուղղութիւններով կատարուած հետաքննութիւններու արդիւնքով ու “աղտոտ դրամ լուալու եւ ոսկիի մաքսանենգութեան” յանցանքով ձերբակալուեցան իրանական ծագումով ազերի գործարար Րէզա Զարրապ, երեք Նախարարներու՝ Ներքին Նախարար Մուամմէր Կիւլէրի, Բնապահպանութեան նախարար Էրտողան Պայրաքտարի, Տնտեսութեան Նախարար Զաֆէր Չաղլայեանի որդիները, այդ Նախարարներու աշխատակազմէն զանազան պաշտօնեաներ, նաեւ “Հալքպանք” պետական դրամատան նախագահ Սիւլէյման Ասլանը։ Մամուլը կը նշէ նաեւ Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց, պետական Նախարար Էկէմէն Պաղըշի անունը եւս, հակառակ որ երէկ հեռատեսիլային կայաններ կը նշէին որ չորրորդ Նախարարի մը մասին եւս կը խօսուի, սակայն գաղտնի կը պահուէր այդ Նախարարի անունը։

Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, Զարրապ երեք Նախարարներու հետ յարաբերութիւններ հաստատելով եւ կաշառակերութեան եւ զեղծարարութեան ցանց մը մշակելով, “Հալպանք” դրամատան միջոցաւ կազմակերպած է միլիառաւոր տոլարներու, ոսկիի մաքսանենգութեան անօրինակ մեծ փոխանցումներ, այդ գործին մէջ ներգրաւելով վերոյիշեալ Նախարարներու որդիները։ Այս հետաքննութեամբ ոստիկանութիւնը կը ծրագրէր աւելի ուշ թուականի մը գործողութիւններ իրականացնել, սակայն տրուած ըլլալով որ Ներքին Նախարարի որդիի անունն ալ կ՚անցնէր, ձերբակալութիւնները կանուխ թուականի մը առնուեցան։ Կը սպասուի որ այսօր ոստիկանութիւնը դիմում կատարէ Խորհրդարանի մօտ եւ ջնջուին այդ Նախարարներու անձեռնմխելիութիւնները, զանոնք ալ հսկողութեան տակ առնելու եւ հետաքննութիւնը աւելի համապարփակ ձեւով իրականացնելու համար։

Ձերբակալութիւններու երկրորդ կայանը “Թոքի”ի “Պաքըրգիւղ-46” ծրագիրն էր եւ այս գործով ձերբակալուեցան Բնապահպանութեան Նախարարի խորհրդականը, յայտնի գործարար Ալի Աղաօղլու, շինարարական զանազան ընկերութիւններու տնօրէններ, որոնք կը մեղադրուին պետութեան պատկանող կալուածներուն վնաս պատճառելու, կաշառք տալ-առնելու, պաշտօնը չարաշահելով զեղծարարութիւններ իրականացնելու յանցանքներով։ Կը պնդուի որ շինարարական մեծ աճուրդները տրուած են ընդհանրապէս Նախարար Պայրաքտարի որդւոյն պատկանող գաղտնի ընկերութիւններուն եւ այդ ծրագիրները իրականացնելու համար բոլոր արգելքները “սրբուած են” Բնապահպանութեան Նախարարութեան միջամտութիւններով։ Հակառակ Իսթանպուլի մայր քաղաքապետութեան բողոքներուն, յայտնի գործարար Ալի Աղաօղլու սկսած էր “Պաքըրգիւղ-46” շինարարական մեծ ծրագրին, ստանալով Բնապահպանութեան եւ քաղաքաշինութեան Նախարարութեան արտօնութիւնը։

Ձերբակալութիւններու երրորդ հանգրուանը, որու մէջ եւս կը նշուին երեք Նախարարներու որդիներու, պիւրոքրաթներու եւ գործարարներու ու քաղաքապետութեան աշխատակիցներու անուններ, Ֆաթիհի քաղաքապետութեան մէջ կատարուած գործողութիւններն էին։ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր առտու կանուխ հսկողութեան տակ առնուեցաւ, ձերբակալուեցան նաեւ իր աշխատակազմի ղեկավարը ու քաղաքապետութեան կարգ մը աշխատակիցներ։ Մեղադրանքն այն է որ պաշտօնի չարաշահումով եւ Ֆաթիհի քաղաքապետի գլխաւորութեամբ, զեղծարարութիւններ կատարուած են, շինութեան արտօնութիւն տրուած է այնպիսի հողատարածքներու մէջ, որոնք պետութեան կողմէ “պահպանուած տարածքներ” են (սիթ ալանը) կամ այնպիսի վայրեր, ուր շինութիւն պէտք չէ կատարուի։ Մասնաւորաբար կը նշուի որ ճաբոնցի մասնագէտներ ազդարարած են որ Մարմարայի գիծէն առնուազն յիսուն մեթր հեռաւորութեան վրայ միայն կարելի է շինութիւն իրականացնել, սակայն այդ ազդարարութիւնները անտես առնելով, քաղաքապետութեան արտօնութեամբ կառուցուած է եռայարկ պանդոկ մը։ Բացի ատկէ Մարմարայի Սիրքէճի կայարանի մօտ ալ պատմական շէնքի մը վրայ սկսած են նորոգութեան աշխատանքներ։ Այս բոլորի համար տրուած են միլիոնաւոր տոլարներով կաշառքներ ու մարդոց կեանքը վտանգի տակ դրուած է։

Երէկ, մինչ ոստիկանութեան պաշտօնեաներ խուզարկութիւններ կ՚իրականացնէին հսկողութեան տակ առնուած անձերու աշխատատեղիներու մէջ ու քննութիւններու համար կը տանէին համակարգիչներ եւ յիշողութեան սարքեր, միւս կողմէ ձերբակալութիւններու ալիքը կը շարունակուէր։

Ձերբակալեալները տակաւին չէին հարցաքննուած երէկ ամբողջ օրը ու կը սպասուի որ հարցաքննութիւնները սկսին այսօր։

Ի՞ՆՉ ԸՍԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ

Վարչապետ Էրտողան որ երէկ առաւօտեան Գոնիայի մէջ կը մասնակցէր “Թոքի”ի (Հաւաքական բնակարանաշինութեան) մէկ ձեռնարկին, սկսած էր տալ զարգացումներու առաջին ազդանշանները։ Վարչապետը շատ ծանր խօսեցաւ ու ըսաւ որ պիտի չարտօնեն որ դուրսէն ու ներսէն ինչ ինչ մութ շրջանակներ վնաս պատճառեն երկրին։ Այս երկրի մէջ “աղտոտ համախոհութիւններ” չեն կրնար իրենց աւերը գործել ու ժողովուրդը գլուխ պիտի չհակէ այդպիսի վտանգներու դիմաց, ըսաւ Վարչապետը, որ յետոյ լրագրողներու հետ ալ կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ։ Էրտողան դիտել տուաւ որ իրաւական գործընթացը սկսած է ու հիմա կը մնայ սպասել արդիւնքներուն ու հետագայ զարգացումներուն։

Ճէ Հէ Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու մաղթեց որ հետաքննութիւնը արդար գնացք մը ունենայ ու ամէն ինչ բացայայտուի, անոնք որոնք մեղաւոր են, պատժուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ։ Ըստ Քըլըճտարօղլուի, իրենք քանիցս զեղծարարութիւններու մասին խօսած են Խորհրդարանի մէջ, ազդարարած են Վարչապետ Էրտողանը, բայց այս վերջինը որեւէ քննադատութեան չի հանդուրժեր։ Արդիւնքը մէջտեղն է, ըսաւ Քէմալ Քըլըճտարօղլու։

Մէ Հէ Փէի կուսակցապետ Պահչէլին ալ ծանր քննադատութիւններ ըրաւ ու ըսաւ որ իշխանութիւնները իրենց հասակէն վեր աղտոտ գործերու միջամուխ եղած են։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Այսօր պիտի սկսին հարցաքննութիւնները, բայց կարեւոր միւս հարցը Նախարարներու ճակատագիրն է։ Մամուլը կը գրէ որ այդ Նախարարներու անձեռնմխելիութիւնը անմիջապէս ջնջելու համար այսօր դատախազութիւնը դիմում պիտի ուղարկէ Խորհրդարանին ու վերոյիշեալ Նախարարներն ալ հսկողութեան տակ պիտի առնուին։ Ընդդիմադիր շրջանակներ կը պահանջեն որ Նախարարները անձամբ հրաժարական ներկայացնեն ու ոստիկանութեան յանձնուին։

Այսօր առաւօտուն նոյն հետաքննութեան ծիրէն ներս պաշտօնազուրկ եղան Ապահովութեան տնօրէնութեան հինգ մասնաճիւղերու տնօրէններ, որոնք նոյնպէս հսկողութեան տակ առնուեցան։

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԻՐԱՒԱՑԻ ՆԿԱՏԵՑ ՓԷՐԻՆՉԷՔԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստան Բողոք Ներկայացուց Արձակուած Որոշումի Դէմ

Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը (ԵՄԻԱ), քննարկութեան որպէս արդիւնք, իրաւացի գտաւ Բանուորական Կուսակցութեան Ընդհանուր Նախագահ՝ Տօղու Փէրինչէքը, որ 2008ին Զուիցերիոյ կառավարութեան դէմ դատ բացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի մասին։

Ինչպէս ծանօթ է, Փէրինչէք 2005ին, Զուիցերիոյ Վինթէնթուր քաղաքին մէջ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին “Հայկական ցեղասպանութիւնը կայսերապաշտական սուտ մըն է” ըսած եւ իր այդ արտայայտութեան համար Լոզանի դատարանին կողմէ “ցեղապաշտական անջատողականութիւն” ընելու պատճառաբանութեամբ 90 օր բանտարկութեան եւ 9 հազար Զուիցերիական Ֆրանք պատիժի ենթարկուած  էր։ Դատարանը այս պատիժը երկու տարուան զեղչած էր։ Այնուհետեւ Փէրինչէք 2008ին դիմում կատարած էր Զուիցերիոյ ԵՄԻԱ-ի մօտ, իրեն պատիժ սահմանուած ըլլալուն համար։ Փէրինչէք, Դատարանի մօտ իր կատարած դիմումին մէջ կը յայտնէր որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը կ՚ոտնակոխէ ԵՄԻԱ-ի Համաձայնագրին մէջ նշուած “արտայայտութեան ազատութեան իրաւունք”ը։ Այս դատին միջամուխ եղած էր նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որպէս պետութիւն։

Տեղական շրջանակներ կը յայտնեն որ այս վճիռը կարեւոր է, որովհետեւ առաջին անգամ է որ դատարան մը “Հայկական Ցեղասպանութիւն” նիւթով դատի մը մէջ այսպիսի վճիռ մը կ՚արձակէ։

Միւս կողմէ, ծանօթ է որ Փէրինչէք Էրկէնէքոնի դատին մէջ ցկեանս բանտարկութեան պատիժի ենթարկուած էր։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՈՂՈՔԸ

Հայաստան հակազդեց ԵՄԻԱ-ի կողմէ առնուած որոշումին դէմ, յայտնելով որ շատ վիճելի որոշում է Զուիցերիոյ դատարանին կողմէ առնուած որոշումը։ Գոյութիւն ունի որոշման դէմ բողոք ներկայացնելու իրաւական հնարաւորութիւն եւ այդ առումով հայկական կողմը պէտք է Զուիցերիոյ կառավարութեան հետ համապատասխան աշխատանքներ տանի, որպէսզի վճռին դէմ բողոք ներկայացուի եւ հնարաւորութիւն ստեղծուի որ դատարանը փաստերու, պատմական ճշմարտութեան եւ իրաւական միասնական մօտեցումներու հիման վրայ որոշում կայացնէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ