Ըստ Էրտողանի. Պալքանները Թուրքիոյ մէկ մասն են

ՊալքաններՌուսական «Ռուսպլաթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պալքաններու մէկ մասը կը պատկանի իր երկրին, ինչ որ միջազգային գայթակղութիւն յառաջացուցած է:

Էրտողանը բացատրած է, թէ Պալքանեան թերակղզիին ո՛ր մասը կը պատկանի Թուրքիոյ: Ըստ անոր, Թուրքիոյ կը պատկանին Մակեդոնիոյ, Պուլկարիոյ եւ Պոսնիոյ մէկ մասը, ինչպէս նաեւ` Արեւմտեան Թրակիան:

Թուրքիոյ վարչապետի յայտարարութիւնը արդէն բացասական արձագանգ ստացած է Յունաստանի մէջ:

Էրտողանի խօսքերը սադրիչ կը նկատուին նաեւ այն պատճառով, որ Թուրքիա կը յաւակնի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Սակայն Միութեան միանալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է բոլոր անդամ պետութիւններուն, ներառեալ` Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ աջակցութիւնը:-

http://www.aztagdaily.com/archives/165864

One response to “Ըստ Էրտողանի. Պալքանները Թուրքիոյ մէկ մասն են”

  1. Hratch

    Est Erdoghani Ashkharhe SINI e yev trvadz e Soultani klkhin.
    Intch imanag? shat ban e kakhvatz GHAWASnerits.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2013
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ